Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՚ընթանայ Ատրպէյճանի հետ սերտ համակարգմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ Պաքուէն վերադառնալէն ետք լրագրողներու հարցերուն պատասխանելու ժամանակ։ Էրտողան գոհունակութիւն է յայտնած է ընթացող գործընթացներու առնչութեամբ։
«Խաղաղութեան քամիներ կը փչեն, եւ Թուրքիան կ՚ողջունէ այդ մէկը: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կ՚ընթանանք Ատրպէյճանի հետ համաժամանակեայ»,-ըսած է ան։
Էրտողան աւելցուցած է, որ Անգարան պատերազմի սկիզբէն սատարած է Պաքուին: Ան նաեւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան աւարտէն ետք խաղաղութեան եւ զարգացման միտումները կ՚ամրապնդուին: