image
Հրատապ լուրեր:

Ռոպերթ Քոչարեանն այսօր եռօրեայ մասնաւոր այցով մեկնած է Մոսկուա

Ռոպերթ Քոչարեանն այսօր եռօրեայ մասնաւոր այցով մեկնած է Մոսկուա

17 Դեկտեմբերին Ռոպերթ Քոչարեանը եռօրեայ մասնաւոր այցով մեկնած է Մոսկուա։ Այս մասին յայտնած են Քոչարեանի գրասենեակէն:

Յիշեցնենք, որ Լ. Տէր-Պետրոսեանը եւ Ռ. Քոչարեանը կը փափաքէին պատերազմական օրերուն մեկնիլ Մոսկուա՝ ԼՂ հարցով քննարկումներու, այդ պատճառով ալ դատարանը վերադարձուցած էր վերջինիս անձնագիրը:

Քոչարեանի Մոսկուա այցը, թերեւս, պայմանաւորուած է 18 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ սպասուող «Սիսթեմա» ԲՖԿ-ի տնօրէններու խորհուրդի նիստին մասնակցութեամբ. Քոչարեանը 2009-էն «Սիսթեմա»-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է: