image

Ռոպերթ Քոչարեանի «Քովիտ»ի քննութիւնը բացասական

Ռոպերթ Քոչարեանի «Քովիտ»ի քննութիւնը բացասական

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի՝ «Քովիտ»ի քննութեան պատասխանը բացասական է: Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Հայկ Ալումեանը:

Յիշեցնենք, որ երէկ Երեւան քաղաքի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ նախկին փոխվարչապետ, ներկայիս պատգամաւոր Արմէն Գէորգեանի գործով դատական նիստը յետաձգուած էր. Քոչարեանի փաստաբան Հայկ Ալումեանը յայտնած էր, որ երկրորդ նախագահի ազգականներէն մէկը հիւանդացած է «Քովիտ»ով, եւ Քոչարեանը անոր հետ նախօրէին շփում ունեցած է ու քննութիւն յանձնած է, քանի որ ունեցած է որոշ ախտանշաններ:

Դատախազները նշած էին, որ ախտանշաններ չունենալը բացակայելու հիմնաւորում չէ, փաստաբանն ալ տեղեկացուցած էր, որ Ռոպերթ Քոչարեանը որոշ ախտանշաններ ունեցած է՝ ոչ շատ բարձր ջերմութիւն, մկանային ցաւ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ եթէ դատարանը անհրաժեշտ համարէ երկրորդ նախագահին ներկայութունը, ան կու գայ նիստին: Դատարանը, սակայն, նիստը յետաձգած էր՝ տեղափոխելով 9 Նոյեմբերին: