image

Ռիատի The Ritz-Carlton հիւրանոցին մէջ մեկնարկած են Ռուսիա-ԱՄՆ բանակցութիւնները

Ռիատի The Ritz-Carlton հիւրանոցին մէջ մեկնարկած են Ռուսիա-ԱՄՆ բանակցութիւնները

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի The Ritz-Carlton հիւրանոցի մէջ մեկնարկած են Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, քննարկման թեման ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորումն է։

Ռուսական պատուիրակութիւնը գլխաւորած են ծերակուտական Կրիկորի Քարասինը եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէնի խորհրդական Սերկէյ Պեսետան։ 

Ռուսական պատուիրակութիւնը աւելի վաղ ժամանած էր The Ritz-Carlton հիւրանոց։ Սէուտական Արաբիոյ պետական ​​անվտանգութեան աշխատակիցները լրագրողներէն խնդրած են հեռանալ հիւրանոցի տարածքէն։

Երէկ՝ 23 մարտին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են ուքրանական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու միջեւ։

 

Ռիատի մէջ կայացած են ԱՄՆ-Ուքրանիա բանակցութիւնները

Ամերիկեան եւ ուքրանական պատուիրակութիւնները Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ բանակցութիւններ ունեցած են ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մէջ հրադադարի շուրջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ուքրանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախարար Ռուսթեմ Ումերովը բանակցութիւնները որակած է՝ արդիւնաւէտ։

«Մենք աւարտած ենք մեր հանդիպումը ԱՄՆ խումբի հետ։ Քննարկումն արդիւնաւէտ էր եւ նպատակային. մենք քննարկած ենք առանցքային հարցեր, այդ շարքին՝ ուժանիւթին առնչուող: Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի նպատակն է ապահովել արդար եւ տեւական խաղաղութիւն մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի, հետեւաբար նաեւ՝ ողջ Եւրոպայի համար։ Մենք կ՚աշխատինք այդ նպատակն իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ», - գրած է Ումերովն X-ի հարթակի իր էջին։

Քննարկումները տեւած են մօտ հինգ ժամ՝ ընդմիջումով։ Ումերով չէ յստակեցուցած՝ արդեօք մարտ 24-ին նոր հանդիպումներ կը նախատեսուին, թէ ոչ։

Մինչ բանակցութիւններու մեկնարկը Ումերովը յայտնած էր, որ ուքրանական պատուիրակութեան կազմին մէջ «ընդգրկուած են ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտներ, ինչպէս նաեւ ռազմածովային եւ ռազմաօդային ուժերու ներկայացուցիչներ»:

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը յայտնած էր, որ մարտ 24-ին Ռիատի մէջ Ուքրանիոյ հարցով խորհրդակցութիւններ պիտի կայանան ռուսաստանցի եւ ամերիկացի փորձագէտներու միջեւ։