image

Ռազմի մասնակցած զինուորները ե՞րբ մտադիր են դադրեցնել հացադուլը

Ռազմի  մասնակցած   զինուորները  ե՞րբ մտադիր են դադրեցնել  հացադուլը

Առաւօտեան ուժերս տեղը կ'ըլլան, իսկ երեկոյեան, եթէ նոյնիսկ կերած ըլլայինք, նոյն կերպ սպառուած պիտի ըլլայինք, որովհետեւ ուժանիւթ կը սպառի, բայց նաեւ կը հասկնանք, որ այդ ուժանիւթի կարիքը ունեն այն մարդիկ, որոնք կու գան այստեղ, անոնց աչքերուն մէջ յոյս կը տեսնենք: Այս մասին, այսօր` Ապրիլ 22-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց հացադուլ յայտարարած երիտասարդներէն Նուէր Կիրակոսեանը:

«Հացադուլը կ'աւարտուի այն ժամանակ, երբ ինքն իր խնդիրը լուծի, իսկ խնդիրը հանրային զօրաշարժն է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Ազատութեան հրապարակին մէջ կազմակերպուած ստորագրահաւաքին, Նուէր Կիրակոսեանը ըսաւ. «բԲլոր այն մարդիկ, որոնք ստորագրում են այստեղ, եւ մասնաւորապէս երիտասարդները, իրենք փաստում են, որ մեր առաջարկած գաղափարներն ամբողջութեամբ կիսում են: Մեկնարկել է ստորագրահաւաքը երէկ երեկոյեան: Շուրջ հազար մարդ ստորագրել է արդէն»: