Իրանի ցամաքային ուժը, յենելով հրթիռային համակարգերու, հակաօդային պաշտպանութեան, ուղղաթիռներու, բարձր ճշգրտութեան եւ հեռահար հրետանիի եւ այլ ռազմական սարքերու ոլորտին մէջ իր ներքին կազմին վրայ, հասած է ինքնաբաւութեան եւ որեւէ այլ երկրի պէտք չկայ:
Երկրի արեւմուտքը գտնուող Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերու շտաբի հրամանատար, զօրավար Սուլէյման Թահերին հաստատած է, որ բանակը կը հսկէ երկրին սահմանները ամբողջ ուժով եւ կարողութեամբ:
«Մենք հնարաւորինս արագ պիտի պատասխանենք թշնամիի ամենափոքր քայլին եւ յարձակման», ըսած է Թահերի, Իրանի արեւմտեան սահմաններուն ռազմական ուժերու պատրաստուածութիւնը ստուգելով:
Ան յաւելած է. «Հաւատքը, պատրաստուածութիւնը, կարգապահութիւնը եւ բարձր ոգին յանգեցուցած են անոր, որ երկրի արեւմտեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած ցամաքային ստորաբաժանումները թշնամիներուն հմուտ դիմակայելու բարձր պատրաստուածութիւն ունին»:
Թահերի նաեւ նշած է, որ «Իրանի ցամաքային ուժը, յենելով հրթիռային համակարգերու, հակաօդային պաշտպանութեան, ուղղաթիռներու, բարձր ճշգրտութեան եւ հեռահար հրետանիի եւ այլ ռազմական սարքերու ոլորտին մէջ իր ներքին կազմին վրայ, հասած է ինքնաբաւութեան եւ որեւէ այլ երկրի պէտք չկայ»:
Ան յաւելած է. «Սահմաններուն տեղակայուած են շարժական յարձակողական ստորաբաժանումներ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, ճշգրիտ հրետանի եւ անօդաչու սարքեր, որոնք կը վերահսկեն սահմանային շարժումները ամբողջ հետախուզական հնարաւորութիւններով եւ լաւագոյնս կը պահպանեն երկրին հողը եւ թոյլ չեն տար հակառակորդին յարձակիլ»:
Մի քանի օր առաջ Իրանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բացայայտեց երկու նոր անօդաչու թռչող սարք` Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 43-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած օդատիեզերական արդիւնաբերութեան ցուցահանդէսի ծիրին մէջ: Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին ըսած է, որ «անօդաչու թռչող սարքերու արդիւնաբերութիւնը կը մեծցնէ Իրանի պաշտպանական կառոյցի հզօրութիւնը»: