Այսօր Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպահայ եւ Սուրիոյ պատերազմէն ետք հայրենադարձած՝ Լեւոն Պըլըխեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Նշենք, որ Պըլըխեան (Ծնեալ Հալէպ 1952-ին) եղած է անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ վարած է կուսակցութեան պատասխանատու պաշտօններ։
Ան վերջին շրջանին կը վարէր ՌԱԿ-ի փոխ ատենապետի պաշտօն, եւ այդ առումով ալ ազդեցիկ դերով հանդէս կու գար կուսակցութեան քաղաքական արեւելումին առընթեր։
Նահապետական ընտանիքի հայր հանդիսացող Լեւոն Պըլըխեան հոգատար ամուսին եւ հայր էր ու իր շնորհիւ ալ անոր զաւակները կարողացած են ստեղծել կայուն եւ հայաշունչ օճախներ։
Պըլըխեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին վաղը՝ Երեւանի Կոնտ շրջանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։
Թաղման կարգէն ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Հալէպ» կազմակերպութեան կեդրոնէն ներս։