image

«Քոյր Վերժին Պարոնեանի իւղաբեր կանայք» խմբակը այց կատարեց Ազունիէի Ազգային բուժարան

«Քոյր Վերժին Պարոնեանի իւղաբեր կանայք» խմբակը այց կատարեց  Ազունիէի Ազգային բուժարան

Օրերս Լիբանանի մէջ գտնուող Ազունիէի Ազգային բուժարան այցելեց «Քոյր Վերժին Պարոնեանի իւղաբեր կանայք» խմբակը, ընկերակցութեամբ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տէր Միքայէլ Տէմիրճեանին, ինչպէս նաեւ` ջութակահար Սէլլա Սվաճեանին: 

Այս այցելութիւնը, որ աւանդական դարձած է Բուժարանի հիմնադրութեան օրերէն, կը կատարուի տարին երկու անգամ, կը տեղեկացնէ Բուժարանի տնօրէնութիւնը: 

Այցելութեան սկիզբը բուժարանի Սուրբ Աստուածածին մատռան մէջ  տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, որմէ ետք քոյրերը այցելեցին անկար տարեցներուն, որոնք չէին կրցած ներկայ գտնուիլ պատարագին:

Ապա պատսպարեալներուն եւ անձնակազմին մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշը՝ խորոված, թան, սիսեռածաղ, գետնախնձոր, աղցան, անուշեղէն եւ պտուղ՝ նուիրուած հիւր քոյրերուն կողմէ: