Քուէյթի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներուն թիւը հասաւ ՝ 100-ի։ Այս մասին լուրը հաղորդեց Քուէյթի Առողջապահութեան նախարարութիւնը, որ նաեւ նշեց թէ միայն այսօր 20 նոր պարագաներ աւելցած են։
Յիշեցնենք, որ Քուէյթի պատկան մարմիններ շուրջ տաս օր առաջ երկրի կրթական հաստատութիւնները փակելու որոշում հրապարակած էին, եւ օդակայանին մէջ կարեւոր կանխազգուշական քայլերու դիմած։
Ըստ Sky News Arabic կայանին Քուէյթի մէջ «Քորոնա» վարակի առաջին պարագանէն հասած էր Իրանէն։