Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առթիւ հանդէս եկած է տեսաուղերձով մը։ Սրբազան հայրը, խօսելով ետք անցնող տարուան մեծ դժուարութիւններուն մասին յոյս յայտնած է, որ մեր ժողովուրդը իր իր մէջ կը կարողանայ գտնել բաւարար ներուժ դուրս գալու համար այս դժուարի եւ տագնապալի ժամանակներէն։ Ան անդրադարձած է մեր փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին հաւատալով որ, «Քրիստոսի ծնունդը խաղաղութեան, սիրոյ եւ միասնականութեան ոգի կը սերմանէ մեր ժողովուրդին մէջ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի»։
Սրբազանը նաեւ յոյս յայտնած է, որ կը մխիթարուին Հայաստանի մէջ մեծաթիւ զոհերու ընտանիքներուն հոգեխռով հոգիները նշելով նաեւ, որ այս դժուարին ժամանակներուն Հայութեան համար մեծագոյն անհրաժեշտութիւնը կը շարունակէ մնալ միասնականութիւնը։
Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ ՝ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի խօսքն ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով։