image
Հրատապ լուրեր:

«Քրիստոսի խաչափայտը երկրի վրայ հաստատուած կենաց երկրորդ ծառն է» Գերպ. Տ. Միւռոն ծ. Վրդ. Ազնիկեան

«Քրիստոսի խաչափայտը երկրի վրայ հաստատուած կենաց երկրորդ ծառն է» Գերպ. Տ. Միւռոն ծ. Վրդ. Ազնիկեան

 Խաչի  խորհուրդը, անոր փրկագործական  էութիւնը եւ մեզի՝ մեղաւորներուս  համար    ապահովութեան   ապաւէն դարձած Սուրբ Խաչը միշտ ալ  ուշադրութեան կեդրոնը դարձած է մեր եկեղեցական հայրերուն։

Որ համայնքին ալ պատկանին  անոնք ՝մեր նուիրեալ   կրօնական գործիչները իր խօսքին  մէջ միշտ ալ վեր կը հանեն  փրկչական Սուրբ Խաչի իսկական խորհուրդն ու նշանակութիւնը։

Այս առումով ալ «Արեւելք»  յարմար նկատեց   մեր ընթերցողներուն հետ կիսուիլ  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան  Թեմի    յարգուած միաբաններէն Գերպ. Տ. Միւռոն ծ.վրդ. Ազնիկեանի վերջերս տրուած  քարոզին սղագրութիւն  նշելով նաեւ, որ  նիւթին կցած ենք  Հայր Սուրբին  տուած քարոզին  տեսագրութիւնը։

Սուրբ  Խաչը  թող  պահապան ըլլայ մեզի բոլորիս։

 

«Խաչելութեան մասին խօսիլը յիմարութիւն կը թուի կորսուածներուն  համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան դիմողներուս համար Աստծոյ զօրութիւնն է անիկա: Հայ եկեղեցւոյ մեծանուն, եռամեծար վարդապետներէն՝ Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ Քրիստոսի խաչի մասին ճառելով իր «Բարձրացուցէք»  ներբողին մէջ հետեւեալը կը գրէ.- «Ան որ իր անձը զոհեց խաչին վրայ, խաչին վրայ է ու անկէ չի հեռանար: Խաչը Աստծոյ զօրութիւնն է մարդոց մէջ յայտնուած ու տրուած, որպէս պարծանք, թէեւ անոր վրայ գամուողը վերցուեցաւ, բայց գամուողին զօրութիւնը այսօր ալ տակաւին հոն կը մնայ, որովհետեւ ան հաճեցաւ խաչին մէջ բնակիլ. զայն համբուրող ուզողները թող գիտնան, թէ այդ համբոյրով ոչ թէ պարզ խաչի կամ իրի մը հետ կը հաղորդակցին այլ անոր վրայ գամուած Աստծոյ զօրութեան հետ: Այո այն խաչը որ մահուան եւ պատիժի անարգ գործիք էր, այսօր յաղթութեան, կեանքի եւ յուսոյ խորհրդանիշ է, սա է զէն յաղթութեան հաւատեցելոց, որովհետեւ սխալեցան ու պարտուեցան, բոլոր անոնք, որոնք փորձեցին գամել ու անշարժեցնել Աստուածային հրաշագործ այն ձեռքերը, որոնցմով Աստուածորդի Քրիստոս միայն բարիք տարածած էր, անոնց հպումը կոյր աչքերու լոյս պարգեւած, կաղերուն, անդամալոյծներուն եւ հիւանդներուն բժշկութիւն, նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն եւ կեանք շնորհող բարի այն ձեռքերը, մարդիկ յանդգնեցան գամել հրաշագործ այն ձեռքերը, որոնք տիեզերք ամբողջ ստեղծած էին: Այո՛ եղան մարդիկ եւ այսօր ալ կան մարդիկ որոնք արգելք կը հանդիսանան բարիին, կը գամեն այն ձեռքերը ու գերեզման կ'իջեցնեն կարծելով թէ հոն պիտի կարողանան թաղել լոյս Աստուած մը որ կեանք ու յարութիւն իսկ է: Շարականագիր  վարդապետի  վկայութեամբ, ուր կ'ըսուի, թէ  Աշխարհ միայն երախտապարտ կրնայ ըլլալ եւ փառք ու պատիւ ընծայել Յիսուսի՝ աշխարհի փրկիչին, որովհետեւ մեղքի մէջ մեռած մարդկութիւնը խաչին վրայ տեսաւ իր ազատարարն ու փրկիչը, որ իր ձեռքերը տարածած կ'ուզէ գրկել, համբուրել, բուժել եւ փրկել: Քրիստոսի Խաչին վրայ տարածուած ձեռքերէն կաթող արեան կայլակներէն ծլարձակած քրիստոնէական եկեղեցին ահա այսօր Յարութեան յաղթանակը կը շեփորէ, մահ ուր է յաղթութիւն քո, Գողգոթայի բարձրունքին համայն մարդկութիւնը իր թեւերով գրկել ուզող Քրիստոսի ձեռքերը այսօր եւս քառաթեւ խաչին լուսափայլ թեւերով  գրկել կ'ուզէ, մեզ փրկել, եւ  փափաք կը յայտնէ   իր հովանիին առաջնորդութեան, պահպանութեան եւ պաշտպանութեան ներքեւ պատսպարել, լոյս, շունչ եւ կեանք առատապէս բաշխել: 

Գիւտ Խաչի տօնը  մեր մէջ, մեր ինքնութեան երեւումն ու յայտնաբերումն է Քրիստոսի խաչափայտին ներքեւ: Խաչը ծաղկեալ գաւազան մըն է, որուն պտղաբեր ծաղիկներն են, ժուժկալութիւն, համբերութիւն, քաղցրութիւն, սէր, ողորմածութիւն, եղբայրասիրութիւն, մեր եկեղեցիներու սրբազան խորաններէն յաւերժ թող փարփռին երկնալոյս խաչերը հաւատք,  յոյս եւ սէր ճառագայթելու, անոնց օրհնութեամբ եւ շնորհքով աճելու եւ հասակ առնելու քրիսոնեայ հայ ընտանիքները վաղուան  վերանորոգուած հայ  եկեղեցիին: 

Քրիստոսի խաչափայտը երկրի վրայ հաստատուած կենաց երկրորդ ծառն է, որուն պտուղը՝ ինք Քրիստոս, փրկութիւն, կեանք եւ մեղաց թողութիւն կը շնորհէ առաջին ծառի պտուղէն կերած յանցապարտ ադամորդինորուս: Կեանքի մեղաց ծովուն վրայ յաղթ ընթացող տապանն է, որուն նաւավարը ինք՝ Քրիստոս մեզ դէպի լոյս եւ երկնային կեանքի նաւահանգիսը կ'առաջնորդէ, անոր կայմը հաւատքի պաշտպան հրեշտակներն են,  առագաստներուն մղիչ ուժը Սուրբ Հոգւոյն շունչը: Խաչը խորհրդանիշ եւ յուշարար է մեղքով ծնող փրկագործութեան: Խաչը Աստծոյ անպարտելի սիրոյն ապացոյցն է  հանդէպ մարդկութեան, Խաչը ճշմարտութեան տանող Գողգոթայի ճամբուն վրայ  լուսաւոր փարոս է երկնքի արքայութեան երանութեան առաջնորդող, անոր ստորոտէն կը բխին  բուժիչ առուակները կենդանի ջուրերու, որոնք կը մաքրեն ու կը լուան մարդկութեան վէրքերն ու բիւր խոցերը եւ կը սրբեն մեղքի մահաբեր թոյնը: Քրիստոսի խաչափայտին առջեւ ծնկադիր խոնարհեցնենք մեր սրտերը մեր մէջ բնակեցնելու խաչն ու խաչեալ Աստուածը: Ո՜հ, այս օրերուն որքան պէտք ունի հայը Քրիստոսի եւ անոր խաչի ներգործող զօրութեան բոլոր մակարդակներու եւ ամէն մարզի մէջ: Ով Տէր Աստուած ուժ տուր մեզի պայծառ եւ ամուր պահելու քու խաչդ, որպէսզի խաչիդ նշանին զօրութեամբ  կարելի ըլլայ խորտակել անհաւատներու բոլոր տեսակի պատնէշներն ու յարձակումները եւ շանթահարելու քու սուրբ անունդ պղծողները խաչին լոյսով:»