image

Քրէականացնել Հայաստանի ինքիշխանութեան դէմ ուղղուած ցանկացած արտայայտութիւն. Արամ Վարդեւանեանի առաջարկը

Քրէականացնել Հայաստանի ինքիշխանութեան դէմ ուղղուած ցանկացած արտայայտութիւն. Արամ Վարդեւանեանի  առաջարկը

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները կ'առաջարկեն քրէականացել Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան  դէմ ուղղուած որեւէ արտայայտութիւն: Ընդդիմադկիր խմբակցութեան մի խումբ պատգամաւորներ կ'առաջարկեն  քրէականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի կամ անոր մասի նկատմամբ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած եղանակով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ զայն սահմանափակելուն ուղղուած հրապարակային արտայայտութիւնները, նշուած յանցանքի կատարումը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը: Բացի այդ, կ'առաջարկուի քրէականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի կամ անո մասի` Հայաստանի Հանրապետութեան պատկանելիութիւնը կասկածի տակ դնելը կամ հերքելը, նշուած յանցանքի կատարումը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը:

Նախագիծի հեղինակներէն պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանի խօսքով` նախագիծը ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար սրբազան արժէք հանդիսացող հանգամանքի մասին է:

«Նախաձեռնութիւնը վերաբերում է նրան, որ այլեւս ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը կամ դրա մի մասը որեւէ տեսակ արտայայտութեամբ կասկածի տակ դնելը կամ, առաւել եւս, նշուածը հրապարակայնօրէն արդարացնելը կամ քարոզելը լինի քրէօրէն հետապնդելի արարք», նշեց ան:

Պատգամաւորը ըսաւ, որ այս կարգաւորումը արդիական դարձած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ժամանակահատուածի պայմաններուն մէջ:

Անոր համոզմամբ` այս նախագիծը պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքէն դուրս գտնուող մարդբցց իրապէս հետապնդելու ու անոնց կողմէ թոյլ տրուող արտայայտութիւնները անհետեւանք չթողելու մասին:

«Մենք տեսել ենք, թէ ինչպէս, յատկապէս 2021 թուականի Ապրիլ ամսից, Հայաստանի տարածքից դուրս գտնուող «հարեւան», իրականում թշնամի երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնն ինչպիսի արտայայտութիւններ է թոյլ տալիս, խօսում են Հայաստանի, Սիւնիքի մասին, խօսում են մեր Երեւան քաղաքի մասին, խօսում են մեր Սեւանի մասին ու իրենց զառանցանքների պայմաններում փորձում են այս ամէնը Հայաստանի պատկանելիութեան տեսանկիւնից կասկածի տալ դնել: Կարծում ենք, որ սա նաեւ լաւ հնարաւորութիւն կը լինի նման արտայայտութիւններ թոյլ տուողներին, չնայած նոյնիսկ այն պայմաններում, որ գտնուեն ՀՀ տարածքից դուրս, ենթարկուեն քրէական հետապնդման», նշեց Վարդեւանեան:

Նախագիծը թոյլ պիտի տայ նաեւ հետախուզում յայտարարելու բոլոր նման արտայայտութիւններ թոյլ տուողներու նկատմամբ, իսկ թէ որքանով հետախուզումը արդունք պիտի տայ, ընդդիմադիր պատգամաւորը նշեց, թէ համոզուած է` 21-րդ դարում Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւն հանդիսացող Ատրպէյճանի պարագային չի կրնար անգործութիւնը եւրոպական հանրոյթի կողմէ շարունակական ըլլալ:

«Չի կարող ժառանգաբար իշխանութիւն ստանալը թոյլատրելի լինի եւրոպական երկրում, չի կարող թոյլատրելի լինել կնոջ համար պաշտօն ստեղծելը ու յետոյ կնոջը այդ պաշտօնին նշանակելը ու հէնց այս յօդուածի ընդունման դէպքում քրէական հետապնդումն ու հետախուզումը մի օր իր արդիւնքը կը տայ, որովհետեւ լռութիւնը մի օր աւարտուելու է», նշեց ան:

Օրէնքի նախագիծը պիտի վերաբերի նաեւ ՀՀ քաղաքացիներուն, Վարդեւանեանը, սակայն, վստահ է, որ տեղեկատուական տեռորի ազդեցութեան տակ գտնուող մարդիկ այս ազդակը պիտի ստանան ու նման յայտարարութիւններ ալ թոյլ պիտի չտան, իսկ պաշտօնատար անձեր, առաւել եւս, նման բան թոյլ պիտի չտան:

Նախագիծը մշակած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Իշխան Սաղաթէլեանը, Արամ Վարդեւանեանը ու Աղուան Վարդանեանը: