image

Քեսապ. Հայ Աւետարանական Հրկիզուած Եւ Աւերակ Դարձած Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի (Լուսանկարներ)

Քեսապ. Հայ Աւետարանական  Հրկիզուած  Եւ Աւերակ Դարձած Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին  Պիտի Վերանորոգուի  (Լուսանկարներ)

Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին   պիտի վերանորոգուի: Այս մասին «Արեւելք»ին  յայտնեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ  հովիւ Պատուելի  Ժիրայր Ղազարեան: «Քեսապի մէջ ունինք մէկ Աւետարանական եկեղեցի, իսկ Քեսապի շրջաններուն մէջ երեք  եկեղեցիներ»,- ըսաւ Պատուելի Ղազարեան նշելով, որ ինք    իր հովուական  նոր պաշտօնին կոչուած է  վերջերս` փոխարինելով  պատուելի Սեւակ Թրաշեանը: Պատուելի Ղազարեան ներկայացնելով  գիւղին մէջ գտնուող  եկեղեցիներուն  իրավիճակը   ըսաւ. «Երբ ես կոչուեցայ պաշտօնին,  բոլոր եկեղեցիները աւերակ վիճակի մէջ էին, կար միայն Էքիզոլուխի եկեղեցին, որ կիսով չափ  նորոգուած էր»: Ան նաեւ  յայտնեց, որ   Քեսապի  գլխաւոր եկեղեցիին  պարզած վիճակին հետեւանքով համայնքի  զաւակները    պաշտամունքի համար օգտագործած են  Էգիզոլուխի եկեղեցին:  Պատուելին  նշեց, որ Քեսապի  դէպքերէն  ետք Ս. Երրորդութիւն Աւետարանական  եկեղեցին ամբողջութեամբ հրկիզուած  ու  աւերակի վերածուած էր, զրկուելով  ելեքդրական հոսանքէ,  ջուրէ եւ պաշտամունքի յարմար վայր  ըլլալու բոլոր կարելիութիւններէ»:  Ան նշեց, որ   Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական կեդրոնական մարմինը Վերապատուելի  Յարութիւն  Սէլիմեանի գլխաւորութեամբ (Վերապատուելին Սուրիոյ հայ  աւետարանական համայնքի   նախագահն է- խմբ.) որոշում առնուած  է, որ եկեղեցին վերանորոգուի:  «Երեք ամիս առաջ սկսանք այս ծրագիրը, շինարարական յանձնախումբ կայ, որ կը հետեւի վերանորոգման  աշխատանքներուն»,- ըսաւ Պատուելի Ղազարեան, նշելով նաեւ, որ  «Նորոգութիւններու աւարտին  եկեղեցին  ամբողջական կերպով  վերանորոգուած  պիտի ըլլայ»: Նշենք, որ   Քեսապի  Հայ Աւետարանական  «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցին հինուած է 1909-ին`  Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեանի  պաշտօնավարութեան  օրերուն եւ ճիգերով:  Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան    յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ Մայիսին եկեղեցին ամբողջապէս վերանորոգելէ ետք  պատրաստ կ'ըլլայ, որպէս Հայ Աւետարանական համայնքի պաշտամունքի գլխաւոր     եկեղեցի: Խօսելով Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին մասին` Պատուելի Ղազարեան ըսաւ. «Սուրիոյ հարցով  տակաւին  յստակ չէ, թէ ինչ քաղաքական  գործընթացներ տեղի կ'ունենան  եւ մեծ պետութիւններու կողմէ ինչ ժողովներ կը գումարուին փակ սենեակներու մէջ,   բայց մենք  լաւատես ենք: Եթէ լաւատեսութիւնը չունենայինք, այս հսկայ շինարարութեան չէինք ձեռնարկեր»:  Պատուելին նաեւ ըսաւ, թէ  Ռուսիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ հարցին մէջ ժողովուրդին մօտ յոյսեր  ներշնչած է: «Մենք որպէս եկեղեցի լաւատես ենք, որ մեր ժողովուրդը մնայ այստեղ, մենք կը խորհինք, որ մաս մըն ենք Սուրիական հայրենիքին, այստեղ մեր ներկայութիւնը կարեւոր է,  ոչ միայն մեզի համար, այլ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական հասկացողութեան համար եւ Միջին Արեւելքի տարբեր ժողովուրդներու միակեցութեան համար: Ինչպէս,  որ սկիզբ ունի այս պատերազմը, վերջ ալ ունի: Ես ստիպողաբար չեկայ հոս, այլ ազատ կամքով: Այս երկիրը, որ կը ցաւի այսօր, օր մը անպայման  անոր աչքերէն արցունքները պիտի սրբուին»,-եզրակացուց` Պատուելի   Ժիրայր Ղազարեան: