image
Հրատապ լուրեր:

Քափիթոլի շէնքին վրայ երէկ եղած «գրոհ»ը աննախընթաց չէր. Նման դէպք գրանցուած էր 200 տարի առաջ

Քափիթոլի շէնքին  վրայ  երէկ  եղած «գրոհ»ը  աննախընթաց չէր. Նման   դէպք  գրանցուած էր   200   տարի  առաջ

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի շէնք տեղի ունեցած ներխուժումը ցուցարարներու կողմէն առաջինն է Քափիթոլի մէջ 1814 թուականէն ի վեր, երբ բրիտանացիներու կողէ անոր վրայ յարձակում եղած է, կը հաղորդէ CNN-ի թղթակիցը՝ վկայակոչելով Քափիթոլի պատմութեան մասնագէտին։

 

«Այսօր Քափիթոլի շէնք ներխուժած են առաջին անգամ 1814 թուականէն ի վեր, երբ բրիտանացիները յարձակում գործեցին անոր վրայ եւ այրեցին զայն 1812 թուականի պատերազմի ընթացքին։ Ինչպիսի ամօթ»,- գրած է Քեյթլին Քոլինզ։

 

Բրիտանական զօրքերու յարձակումը Ուաշինկթընի վրայ 1812–15 թուականներու անգլիական-ամերիկեան պատերազմի դրուագներէն է։ Այդ ժամանակ այրած էին շատ կառավարական շէնքեր, ներառեալ՝ Սպիտակ տունն ու Քափիթոլիումը։

 

Գոնկրէսը, համաձայն ԱՄՆ-ի սահմանադրութեան, պէտք է հաստատեր նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները՝ պաշտօնապէս վաւերացնելով ընտրիչներու քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն յաղթած է Ճօ Պայտըն հաւաքելով 306 ձայն, գործող նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփի 232 ձայնին դիմաց, որ չէ ընդունած պարտութիւնը։

 

Երկու պալատներուն մէջ նիստերը սկսելէն կարճ ժամանակ ետք ցուցարարները, որոնք Ուաշինկթըն եկած էին Թրամփին աջակցութիւն յայտնելու համար, ներխուժած են շէնք եւ շրջափակած զայն։ Գոնկրէսի աշխատանքը դադրած է եւ օրէնսդիրները՝ դուրս ելած։ Թրամփը ցուցարարներուն կոչ ըրած է խաղաղ գործելու՝ մանաւանդ որ աւելի վաղ ինք կոչ ըրած էր երթալու գոնկրէս։ Քափիթոլի շէնքի մօտ տեղի ունեցած են բախումներ Թրամփի կողմնակիցներու եւ ոստիկանութեան միջեւ։