image
Հրատապ լուրեր:

Քանի դեռ ապացոյցներ չկան, չենք կրնար խօսիլ ԼՂ-ի մէջ էթնիք զտումներու մասին. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց

Քանի դեռ ապացոյցներ չկան, չենք կրնար խօսիլ ԼՂ-ի մէջ էթնիք զտումներու մասին. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը ճեպազրոյցին անդրադարձած է Հայաստանի յայտարարութիւններուն առ այն, որ Արցախի մէջ էթնիք զտումներ կ'իրականացուին:

«Մենք լրջօրէն կը վերաբերինք էթնիք զտումներու, ցեղասպանութեան կամ այլ վայրագութիւններու մեղադրանքներուն։ Իրավիճակի վերաբերեալ կապի մէջ ենք։ Մենք չենք խուսափիր համապատասխան քայլեր ձեռնարկելէ՝ արձագանգելու վայրագութիւններու մեղադրանքներուն եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու վայրագութիւններու մեղաւորները, երբ տեսնենք ապացոյցներ, որ ատոնք տեղի ունեցած են: Սակայն, ինչպէս միշտ, ցեղասպանութեան կամ էթնիք զտումներու վերաբերեալ վճռականութիւնը հիմնուած է կանխամտածուած, ապացոյցներու վրայ հիմնուած գործընթացի վրայ: Ես հիմա այս ամպիոնէն վերջնականապէս չեմ կրնար խօսիլ այս մասին»,-ըսած է ան։