image

Քաղաքացիները փակած են Երեւան-Թիֆլիս ճանապարհը՝ Դեբեդ գիւղի հատուածին մէջ

Քաղաքացիները փակած են Երեւան-Թիֆլիս ճանապարհը՝ Դեբեդ գիւղի հատուածին մէջ

Լոռիի մարզին մէջ քաղաքացիները փակած են Երեւան-Թիֆլիս ճանապարհը՝ Դեբեդ գիւղի հատուածին մէջ՝ յաջակցութիւն տաւուշցիներու։

Արշաւի մասնակիցներն իրենց հետ բերած են «Ցեղասպանութիւնը կրկնւում է, եթէ չի դատապարտւում», «Ցաւը պէտք է վերածուի ցասման, մենք մեր երկրում ճորտ չենք լինելու» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։

Ճանապարհը փակ եղած է մօտ մէկ ժամ, որմէ ետք ժամանած են ոստիկանութեան ծառայողներ ու երկար բանակցութիւններէ ետք ճանապարհը բացուած է։ Այնուամենայնիւ մասնակիցները դեռ այնտեղ են եւ կը շարունակեն իրենց անհնազանդութեան արշաւը։

Յիշեցնենք, որ արդէն քանի մը օր է հանրապետութեան տարբեր հատուածներու մէջ բողոքի արշաւներ կ՚իրականացուին։ Բողոքի ալիքը բարձրացած է նախ Տաւուշի մարզի մէջ, սակայն կարճ ժամանակ անց յաջակցութիւն տաւուշցիներու անհնազանդութեան արշաւներ սկսածն իրականացուիլ նաեւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի մէջ։