Յունուար 17-ին արտառոց դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ժամը 14:20-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Կեդրոնական բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ քաղաքացի մը մտած է Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն-թանգարան եւ աշխատակիցներու նկատմամբ հոգեկան ներգործութիւն կատարած։
Թանգարան մեկնած են ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնի արագ արձագանգման խումբը՝ բաժնի պետ Երուանդ Նիկոյեանի գլխաւորութեամբ։
Պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է, եւ ժամը 14:10-ի սահմաններուն քաղաքացի մը մուտք գործած է թանգարան, թանգարանին մէջ աշխատող հսկիչ, 52-ամեայ Շուշանիկ Գ.-ի եւ միւս աշխատակիցներու նկատմամբ սպառնալիքներ հնչեցուցած՝ ըսելով որ անոնց պիտի վերացնէ։
Ըստ թանգարանի աշխատակիցներու՝ այդ քաղաքացին հոգեկան առողջութեան հետ խնդիրներ ունի:
Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնէն ներս փաստաթուղթեր ձեւակերպուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժին։