image

Պութաֆլիքայի հրաժարականէն ետք Ալճերիա նոր նախագահ ունի

Պութաֆլիքայի հրաժարականէն ետք Ալճերիա նոր նախագահ ունի

Ալճերիոյ քաղաքական տագնապը մտած է հանգուցալուծման փուլ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երկրի խորհրդարանի նախագահ Ապտ Ալ-Քատէր Պըն Սալէհ նշանակուած է նախագահ եւ այդ պաշտօնը պիտի վարէ ժամանակաւոր փուլի մը համար:

Նշենք, որ վերջին երեք ամիսներուն երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն հետեւանքով, չորս նստաշրջան նախագահի պաշտօնը վարած Ապտ Ալ-Ազիզ Պութաֆլիքա ստիպուած եղաւ նախ հրաժարիլ հինգերորդ նստաշրջանի մը թեկնածութիւնը դնելու իր որոշումէն ու ապա հրաժարիլ նախագահական աթոռէն: