Վերջին օրերուն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մասին տարաբնոյթ լուրեր պտտուեցան։ Խօսուեցաւ որոշակի լարուածութիւններու մասին, որոնց հիմքը սուրիացի գաղթականներուն ու կարգ մը պարագաներու ալ տեղի բնակիչներուն կողմէ արտացոլուած ատելավառ մօտեցումներն էին։
Շրջանը,որպէս հայկական դիմագիծ ունեցող եւ այլ փուլերու ալ ամենատարբեր խնդիրներու բախած շրջան ունի որոշակի ներքին դիմադրողականութիւն, որուն իրական հիմքն ու գետինը իրար հանդուրժողութիւնն է ու համակեցութեան գաղափարը։
Այս բոլորէն անդին եւ ճիշդ կերպով հունաւորելու ու հիմնարար շեշտեր դնելու նպատակով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը հրապարակեց կարեւոր հաղորդագրութիւնը (արաբերէն լեզուով), որուն հայերէն տարբերակը կը դնենք մեր ընթերցողներու սեղանին։
Նշենք նաեւ, որ հաղորդագրութիւնը կը կրէ փոխքաղաքապետ Տիար Մարտիրոս Արսլանեանի ստորագրութիւնը։
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն պատահեցան ոճրային այնպիսի արարքներ, որոնք առաւել եւս շեշտեցին քաղաքացիներու մտահոգութիւնը եւ որոնց ընթացքին արձանագրուեցան անմեղ զոհեր` տեղի տալով տարբեր հակազդեցութիւններու:
Այս ծիրին մէջ խումբ մը երիտասարդներ Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ երիտասարդութեան անունով դիմեցին խափանարարական արարքներու` շրջելով Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ, սաստելով եւ սպառնալով: Նմանապէս, ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան հրահրիչ արտայայտութիւններ, միտելով անհիմն զրպարտութիւններ ուղղել լիբանանցիներու եւ սուրիացիներու, եւ այս բոլորը` յաւակնելով ներկայացնել այն շրջանը, որուն իրաւասու հեղինակութիւնները ծանօթ են բոլորին:
Առ այդ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը յստակացնէ հետեւեալը.-
Առաջին.- Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը խորապէս ցնցուած է պատահած ոճրային արարքներէն ու իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն, միաժամանակ զօրակցելով յանցագործներու քողազերծման ու անոնց դէմ պատշաճ պատժամիջոցներու տնօրինման պահանջներուն:
Երկրորդ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր օրինական իրաւարարութիւններու սահմաններուն ծիրին մէջ ձեռնարկեց սերտ ճիգերու` շրջանի սեփականատէրերը մղելով ապահովելու վարձակալութեան առնչուող օրինական հաստատագիրները, ստուգելէ ետք պատկան վարձուորներու կեցութեան օրինական կարգավիճակի փաստաթուղթերը:
Երրորդ.- Օտարահպատակներու եւ սուրիացիներու Լիբանան մուտքը, աշխատանքը եւ կեցութեան կազմակերպումը կ՛իյնայ լիբանանեան պետական պաշտօնական մարմիններուն, յատկապէս` Ընդհանուր ապահովութեան եւ առնչակից պատկան նախարարութեանց լիազօրութեանց սահմաններուն մէջ: Այս կացութիւնը կը դասաւորուի օրինական յօդուածներու տրամադրութիւններով եւ ոչ ոք իրաւունք ունի յաւակնելու կամ օգտագործելու պետութեան հանգամանքը կամ շրջանցելու օրէնքներն ու կանոնները:
Չորրորդ.- Անկասկած վերջին տարիներուն որոշ թոյլտուութիւն եւ բարեացակամութիւն նկատուեցաւ ընդհանրապէս օտարահպատակներու եւ յատկապէս սուրիացիներու օրինական հաստատագիրներու ստուգման գծով: Սակայն այս երեւոյթը միայն Պուրճ Համուտի մէջ չէր սահմանափակուած, այլ` տիրական էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ առանց բացառութեան: Այսուհանդերձ այդ երեւոյթը կ՛առաջադրէր պատասխանատու պատկան մարմիններու աշխատանքի աշխուժացումը եւ չ՛արդարացներ օրէնքներու շրջանցումը եւ նման սպառնալիքներու թէ օրինազանցութեանց կատարումը:
Հինգերորդ.- Պուրճ Համուտ ընդհանրապէս ծանօթ է իբրեւ Լիբանանի մէկ մանրանկարը իր այլազանութեամբ եւ համակեցութեամբ, որ երկիրը դասած է իբրեւ մարդկութեան ուղղուած պատգամ, առաքելութիւն: Անիկա իր այս վարկը պահեց Լիբանանը հարուածած դառնագոյն տագնապներու ընթացքին եւս: Առ այդ, կը դատապարտենք կարգ մը պատեհապաշտներու հրահրած ցեղային ու համայնքային զգայնութիւնները` թիրախ դարձնելով անմեղ մարդիկ անոնց քաղաքացիութեան, դաւանական թէ կրօնական պատկանելիութեան հիման վրայ:
Վեցերորդ.- Պաշտօնական, յատկապէս` ապահովական ու դատական մարմիններէն կը պահանջենք անմիջապէս եւ վճռականօրէն շարժիլ եւ վերջ դնել իշխանութեանց լիազօրութիւններու տիրացման, օրէնքներու անտեսման եւ շրջանցումին, մարդկային ու սահմանադրական իրաւունքներու ոտնակոխման, համայնքային երկպառակութեանց հրահրման ու գրգռման կողքին:
Վերջապէս, կը կրկնենք ոճրային արարքներու մեր դատապարտումը, զոհերու ընտանեկան պարագաներուն մեր ցաւակցութիւնները եւ ամբողջական զօրակցութիւն կ՛արտայայտենք իրաւունքի ու արդարութեան հաստատման գծով:
Ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղենք բնակիչներուն եւ շրջանին մէջ կեցութիւն հաստատած օտարահպատակներուն, խնդրելով խուսափիլ հակադարձելէ խափանարար ու երկպառակիչ արարքներու, որոնք թիրախ ունին անմեղներն ու ապահով վայրերը:
Կը վերահաստատենք պատկան ապահովական թէ դատական իշխանութիւններու բացարձակ իրաւասութիւնը` անմիջապէս միջամտելու եւ սանձելու կացութիւնը, նախքան անոր ընդհանրացումը:
Ինչպէս նաեւ կը հաստատենք մեր անզիջող վճռականութիւնը, կիրարկելու մեր օրինական պարտականութիւնը` պահպանելու մեր շրջանին անդորրութիւնն ու ընտանիքներուն ապահովութիւնը: