image
Հրատապ լուրեր:

Պուլկարիա կը պատրաստուի կազ գնել Ատրպէյճանէն

Պուլկարիա կը պատրաստուի կազ գնել Ատրպէյճանէն

Սոֆիան պատրաստ է գնել ատրպէյճանական կազի լրացուցիչ ծաւալներ, քանի որ վառելիքի փոխադրումի երկրի հնարաւորութիւններն ամէն ամիս յաւելումի մէջ են։ Այս մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ առցանց հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ, այս մասին յայտնած է կովկասկան հանրապետութեան ղեկավարի մամուլի ծառայութիւնը։

«Մենք պատրաստ ենք ատրպէյճանական կազի լրացուցիչ ծաւալներ փոխադրել՝ համատեղելով Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ կազափոխադրման աշխատակիցներու հնարաւորութիւններն ու ջանքերը։ Հիմա որոշումը ձերն է»,- ըսած Պուլկարիոյ  ղեկավարը։

Ինչպէս յիշեցուցած է Ռատեւ, 1 փետրուարին սկսած է Պուլկարիոյ եւ Սերպիոյ միջեւ փոխկապակցման գիծի կառուցումը։ «Այսպիսով, հնարաւորութիւնները, կարելի է ըսել, ամէն ամիս կ'աւելնան»,- նշած է ան։