Արժանթին- -(«Ալ Ժատիտ»-Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ»ին, Արժանթինի մէջ, բարձրագոյն դատարանը ձերբակալութեան միջազգային վճիռ մը արձակած է, ընդդէմ Հըզպալլայի անդամներէն , Հըսէյն Մուհամմէտ Իպրահիմ Սուլէյմանին, որ կը մեղադրուի 1982-ին Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ, Իսրայէլի դեսպանատունը ականահարելու ամբաստանութեամբ: Արժանթինեան արդարադատութեան կեդրոնը հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշեց, թէ Սուլէյման, երբ Յորդանանեան իշխանութիւններու կողմէ ձերբակալուած է 2001-ին , խոստովանած է Ֆոզ տի Լաքուազօ պրազիլեան քաղաքէն, պայթուցիկները Արժանթեան հողեր հասցնելուն մասին:Յայտարարութիւնը աւելցուց, թէ դատարանը նորոգեց ձերբակալման վճիռը Գոլոմպիայի հպատակ Խոսէ Սալման Րիտաի դէմ, նոյն հարցին մասնակից ըլլալուն համար:2005-էն ի վեր, Արժանթինի բարձրագոյն դատարանը հետազօտութիւններ կը կատարէ փաստելու Սալմանի մասնակցութիւնը Պուէնոս Այրէսի մէջ, 17 Մարտ 1992-ին, իսրայէլեան դեսպանատունը պայթեցնելուն մէջ, որու հետեւանքով 22 հոգի սպաննուեցան եւ 242 ուրիշներ վիրաւորուեցան: