Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Պորիս Ճոնսըն երկիր ժամանած է վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութեան հնարաւոր առաջադրման մասին հաղորդագրութիւններու զուգընթաց, կը հաղորդէ Sky News հեռուստաալիքը:
Աւելի վաղ բրիտանական խորհրդարանի անդամ Ճէյմս Տատրիճը յայտարարած էր, որ Ճոնսըն 22 հոկտեմբերին պիտի վերադառնայ Քարիպեան կղզիներու մէջ հանգիստէն՝ իր իրաւայաջորդ Լիզ Թրասի հրաժարականի լուրէն ետք:
Նշուած է, որ Ճոնսընի օդանաւը վայրէջք կատարած է Լոնտոնի Կաթվիք օդակայանին մէջ։
Յիշեցնենք` Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն 7 յուլիսին յայտարարեց, որ կը հեռանայ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետի եւ Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօններէն: