image

Պորել քննադատեց Վրաստանի խորհրդարանի որդեգրած օրէնքը

Պորել քննադատեց Վրաստանի խորհրդարանի որդեգրած օրէնքը

Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքի վրացական տարբերակի ընդունումը վատ զարգացում է Վրաստանին եւ անոր ժողովուրդին համար եւ կը հակասէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու Թիֆլիսի ձգտումներուն։ Այս մասին ըսուած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ։ 

«Վրաստանի խորհրդարանը երեքշաբթի առաջին ընթերցմամբ ընդունած է արտաքին ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին նոր օրէնքը, ինչ որ շատ վատ զարգացում է Վրաստանին եւ անոր ժողովուրդին համար: Օրէնքն անհամատեղելի է ԵՄ-ի արժէքներուն եւ չափանիշներուն հետ. Այդ կը հակասէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու Վրաստանի յայտարարած նպատակին»,- ըսած է ան։ 

Պորել կոչ ըրած է «յարգելու Վրաստանի քաղաքացիներու խաղաղ բողոքի իրաւունքը»: Անոր կարծիքով՝ օրէնքը «իր ներկայ տեսքով կը սպառնայ սառեցնող ազդեցութիւն ունենալու քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներուն վրայ՝ բացասական հետեւանքներ ունենալով շատ վրացիներու համար»։

Ան զգուշացուցած է, որ օրէնքի կիրառումը «կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններուն վրայ»։

Ըստ օրինագիծին՝ իրաւաբանական անձը, որու ֆինանսաւորման աւելի քան 20%-ը կու գայ արտերկրէն, պէտք է համարուի օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալ։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ լրատուամիջոցները կրնան ըլլալ նաեւ օտարերկրեայ գործակալ, մինչդեռ նախաձեռնութիւնը չի վերաբերիր ֆիզիքական անձերու։