Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանին մէջ անյայտ անձինք զինուած յարձակում գործած են թաղապետարանի մշակութային կեդրոնի մասնաշէնքին վրայ, կը գրէ DHA գործակալութիւնը:
Վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած միջադէպի հետեւանքով զոհեր կամ վիրաւորներ չկան:
Յանցագործները կրակոցներէն ետք փախուստի դիմած են դէպքի վայրէն: Շէնքի մօտ յայտնաբերուած է 9 փամփուշտ, որոնցմէ 3-ը՝ շէնքի շքամուտքի մօտ:
Շէնքի ետեւի մասին մէջ գտնուած է նաեւ անյայտ անձի բաճկոն, որ տարուած է ոստիկանութիւն՝ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու համար:
Իրաւապահները ներկայիս մանրակրկիտ կ'ուսումնասիրեն տարածքի անվտանգութեան տեսախցիկներու տեսագրութիւնները:
Այլ մանրամասներ չեն փոխանցուիր: