Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է տարեմուտի աւանդական հոգեւոր համերգը, որ անցած է շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պատրիարքական Ս. Աթոռի հովանաւորութեամբ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ 12 Յունուար 2025, Կիրակի, ժամը 17.30-ին, Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հոգեւոր համերգ մը կատարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը, Աթոռի միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեանը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը, Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր Տամատեան, Սարգիս Գույումճեան, Կորիւն էնէրճեան Աւագ եւ Զօհրապ Ճիվանեան, Տ. Յուսիկ Հերկելեան քահանայ հայրերը, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Համերգին հետեւեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Արուեստագէտները կը գտնուէին եկեղեցւոյ վերնատունը, իսկ խորանին առջեւ դրուած հսկայ պաստառին վրայ կը տեսասփռուէր համերգը։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Թաթիա Մարաշլեան։
Հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարն էր Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։ Երգչախումբը կը բաղկանար Արթիւր Պաղտասարեանէ, Յովսէփ Գույումճեանէ, Սէրճան Կազէրօղլուէ, Գրիգոր Թէրզեանէ, Լիւսի Գահվէճիօղլուէ, Ալիս Շահինօղլուէ, Անի Սարաճանէ, Թալին Ֆըրթընայէ, Դալար Պաղտասարեանէ եւ Գարէն Թէրզեանէ։ Ամբողջ համերգին երգեհոնով ընկերացաւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։
Համերգը սկսաւ Հայրապետական մաղթերգով՝ Կոմիտաս Վրդ.ի դաշնաւորումով, ապա Պատրիարքական Աթոռի քայլերգով՝ «Աղբիւր կենաց»ով՝ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի դաշնաւորումով։ Ապա երգուեցաւ Խորէն Մէյխանէճեանի դաշնաւորումով «Էջ Միածինն ի Հօրէ» եւ «Քրիստոս ծնաւ» եւ «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան» շարականները, Վարդան Սարգիսեանի դաշնաւորումով «Խորհուրդ մեծ» Ս. Ծննդեան շարականը եւ Կոմիտաս Վրդ.ի դաշնաւորումով Երից Մանկանց օրհնութիւնը. «Օրհնեցէք, գովեցէք»։ Համերգի երկու օտարալեզու կտորներն էին Վ. Ամատէուս Մոցարթէ «Ավէ վերում քորբուս»ը եւ Շարլ Ազնաւուրի բառերով եւ Գէորգ Կարվարենցի դաշնաւորումով «Ավէ Մարիա»ն։ Տէր ողորմեան եւ «Եղիցի»ն երգուեցան Խորէն Մէյխանէճեանի դաշնաւորումով։ Համերգը իր աւարտին հասաւ Կոմիտաս Վարդապետի դաշնաւորած «Հայր մեր»ով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց նման յաջող համերգի մը առթիւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ ներկայ եղանք տարւոյն առաջին համերգին։ Կեանքը յարափոփոխ է, սակայն եկեղեցին կը մնայ նոյնը։ Ան նոյնութեամբ կը պահէ նաեւ մեր աւանդներն ու աւանդութիւնները եւ մեզ կը կապէ մեր արմատներուն։
Նորին Ամենապատուութեան ընդգծեց, որ սուրբ գործ է մեր աւանդները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը եւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք այս սուրբ գործը ստանձնած են ու կը յարատեւեն։
«Անցեալին նայիլը լաւ է, սակայն միայն անցեալով կարելի չէ ապրիլ։ Այդ պարագային մարդ կը ծերանայ։ Պէտք է տարիքով մեծնալ, սակայն չծերանալ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Երիտասարդութիւնը տեսիլք ունենալն ու անոր իրականացման համար աշխատիլն է ըսելով բարձր գնահատեց եւ մի առ մի շնորհաւորեց հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարը, երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը, Կարօ Վարժապետեանի ատենապետած Թաղային Խորհուրդի անդամները, որոնք կը ջանան Պալեանաշէն այս հոյակապ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ ապրեցնել հին օրերը եւ այսօր յաջողած են արդէն իրենց առաքելութեանը մէջ։ Իր խօսքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ բոլոր հանդիսատեսները, որոնք երգարուեստը ըմբոշխնելու առընթեր եկած էին զօրավիգ ըլլալու։
Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորի նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա յանուն Թաղային Խորհուրդին յուշանուէրներ յանձնեց արուեստագէտներուն։
Աւարտին, եկեղեցւոյ Պալեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները առիթն ունեցան արուեստագէտները շնորհաւորելու եւ զրուցելու իրենց հետ։
Դիտել տանք որ «Լոյս Թի-Վի» կայանը երէկ ուղղակի սփռումով հաղորդեց համերգը։