image

Պոլսոյ մէջ փակուած են Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հիւպատոսարանները

Պոլսոյ մէջ փակուած են Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հիւպատոսարանները

Սթոքհոլմի թրքական դեսպանատան մօտ հրապարակայնօրէն իսլամներու սուրբ գիրք Ղուրանը այրելէն ետք, Իսթանպուլի մէջ սկսան հերթով փակուիլ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները։ Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ առաջինը փակուած է Գերմանիոյ հիւպատոսարանը։ Յաջորդաբար փակուած են նաեւ Հոլանտայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ հիւպատոսարանները, գրած է «ermenihaber»-ը։

Յայտնի դարձած է, որ արդէն Ֆրանսան ալ փակած է Իսթանպուլի մէջ տեղակայուած իր հիւպատոսարանը՝ դռան փակցնելով հետեւեալ գրութիւնը. «Հիւպատոսարանը ժամանակաւորապէս փակ պիտի ըլլայ, շնորհակալութիւն ըմբռնման համար»։

Բանն այն է, որ Ղուրանի այրումէն ետք ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարութիւններ իրենց քաղաքացիները յորդորած էին մօտ ժամանակներս չմեկնիլ Թուրքիա։ Իսկ եթէ արդէն այնտեղ են, ապա զերծ մնան պաշտամունքային վայրեր այցելելէ, քանի որ անոնք կրնան դառնալ ահաբեկիչներու յարձակման հաւանական թիրախ։