image

Պոլսահայ մեծ մարզիկ՝ Կարպիս Զաքարեանի նուիրուած ֆիլմը՝ «Էսայեան»ի յարկին տակ

Պոլսահայ մեծ մարզիկ՝ Կարպիս Զաքարեանի նուիրուած ֆիլմը՝ «Էսայեան»ի յարկին տակ

Օրերս Պոլսահայ մեծանուն մարզիկ (մահացած 2020-ին) Կարպիս Զաքարեանին նուիրուած ֆիլմը ներկայացուած է համայնքի հեղինակաւոր վարժարաններէն՝ «Էսայեան վարժարան»ի երդիքին տակ։

Այս մասին կը գրէ՝ «Նոր Մարմարա» ու անկէ քաղելով լրատւութիւնը կը ներկայացնենք՝ «Արեւելք»ի ընթերցողաց։

Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է «Ոսկեայ սիրտով ձեռնոց»ը վաւերագրկան ժապաւէնը որ նկարահանուած է «Լոյս Մէտիա»ի անունով եւ Յարութիւն Գուրանի արտադրութեամբ։ Շարժանկարը նուիրուած է առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանին. ռինկի վրայ յամառ ու առիւծասիրտ, իսկ ընդհանրապէս ոսկեայ սիրտով ու համեստ նկարագրի տէր անհատականութեան, որ բազում յաղթանակներ կերտելով բարձր պահեց պոլսահայութեան ու Թուրքիոյ պատիւը, եղաւ տիպար հայրենակից, մարզիչ, ընտանիքի հայր ու ամուսին, յիշարժան անուն մը թողլով իր ետին։

Այս ժապաւէնի կալա ցուցադրութիւնը մեծ ընդունելութեան արժանացած էր թէ՛ համայնքային, թէ տեղական շրջանակներէն ներս։ Յետոյ մասնակցած էր փառատօններու, ներկայացուած էր նաեւ զանազան սրահներուն մէջ։

Երէկ գիշեր, Էսաեան Սանուց Միութեան երիտասարդաց կազմի նախաձեռնութեամբ շարժանկարը ցուցադրուեցաւ վարժարանի սրահին մէջ։ Ներկաներու միջեւ կը գտնուէին Յարութիւն Վարդապետ, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, Սանուց Միութեան Ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, Մարալ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, ժապաւէնի հերոսի՝ Կարպիս Զաքարեանի որդին, Տօքթ. Գասպար Զաքարեան, «Լոյս Մետիա»ի պատասխանատուներէն Յարութիւն Գուրան, Պելինտա Գուրան, նաեւ շարժանկարի բեմադրիչ Արթօ Տաւուլճու եւ Առէն-Արտա Գայա։

Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք ակնդիրներ հարցումներ ուղղեցին շարժանկարի արտադրիչներուն՝ ժապաւէնի պատրաստութեան, Կարպիս Զաքարեանի եւ առնչակից հետաքրքրական այլ նիւթերու շուրջ։