image

Պոլիս. 12 Թուրքեր Թունաւորուած Ու Մահացած Են «Աժան» Օղի Խմելու Հետեւանքով

Պոլիս.  12  Թուրքեր Թունաւորուած Ու Մահացած Են  «Աժան» Օղի  Խմելու Հետեւանքով

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, անցնող երեք օրերուն ընթացքին Պոլսոյ մէջ, 12 հոգի մահացած   է   թունաւորուած օղի (րաքի) խմելէ ետք: Ըստ  լրատուական աղբիւրներու, վեց ուրիշներ, որ  հիւանդանոց   փոխադրուած են, կը գտնուին  ծանր   իրավիճակի  մը մէջ: Նախապէս առողջապահական նախարարութիւնը զգուշացուցած էր, թէ 6 հոգիներ մահացած են  եւ  9 ուրիշներ  ծանր վիճակի մէջ են, աւելցնելով, թէ 49 հոգիներ հիւանդանոց ընդունուած են ալքոհոլի թունաւորումի հետեւանքով մինչ 18 Հոկտեմբերը: Առողջապահական նախարար Մէհմէտ Մուէզիօղլու, աւելի  ուշ   լրագրողներուն հաղորդած է, թէ  23 հոգիներ կը բուժուին Պոլսոյ հիւանդանոցներուն մէջ:Զոհերուն մեծամասնութիւնը Պոլսոյ Ֆաթիհէն  շրջանէն են: Ոստիկանութիւնը խուժած է տասնեակ վայրեր, ուր  օղի կ'արտադրուի եւ վերջին օրերուն    տասնեակ կասկածելի արտադրողներ ձերբակալուած են: Ըստ նոյն աղբիւրին Իշխանութիւնները ըսած են, թէ «պութլէկ րագի»ն  հագեցուած է մեթիլ ալքոհոլով, մահացու նիւթ մը, որ կը կեղծուի պուզի փոխարէն, աւելի աժան, քան եթիլային ալքոհոլը:Մուէզիօղլու զգուշացուց հասարակութիւնը, ալքոհոլային խմիչք գործածելու պարագային ուշադիր ըլլալ, «Պէտք է խուսափին առանց հարկային պիտակի, աժան գինով վաճառուող, կասկածելի արտադրութիւններէ, յաճախորդներ պէտք է տեղեկացնեն ոստիկանութիւնը, երբ կասկածին խանութէ մը, որ «պութլէկ ալքոհոլ» կը ծախէ»: