Հինէն ի վեր սփիւռքով մէկ տարածուած հայկական միութիւնները եղած են հանդիսաւոր վայրեր, որ նորահաս սերունդի զաւակները գլուխ գլխի տան, միասին մտածեն, միասին արարեն եւ յաճախ ալ միասին սիրտ՝-սրտի տան՝ ընտանիք կազմեն։
Յար եւ նման իրենց սիրած միութիւններուն՝ այդ նորակազմ ընտանիքներուն մէջ հայեցիութեան կայծը միշտ արծարծ կը մնայ, միշտ կը բոցավառի եւ կը վերանորոգուի։
Այս յառաջաբանը գրեցինք Լիբանանէն գեղեցիկ եւ ոգեշնչող լուր մ՚ըստանալէ ասդին։
Խօսքը Լարա Աճէմեանի ընդ Վիգէն Տաղլեանի պսակադրութեան մասին է, որ տեղի ունեցած է օրերս՝ Պէյրութի Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Երիտասարդ սկաուտները, «սկաուտական ողջոյն»ով մը ճանապարհ կը բանան՝ հարս ու փեսին մաղթելով երջանիկ օրեր եւ նուիրումի նոր եռանդ մեր ազգին ու ժողովուրդին, միշտ ՀՄԸՄ-ը ունենալով ուղենիշ եւ նուիրումի ճանապարհ։
Վիրաւոր հայագաղութին մէջ եղած յուսադրող այս առիթին մասին ամփոփ գրառում մը կատարած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական միաւորը, որ մասնաւորապէս գրած է.
Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, կը շնորհաւորեն մասնաճիւղի նախկին միաւորի խմբապետուհի՝ քոյր Լարա Աճէմեանը եւ նախկին միաւորի խմբապետ՝ եղբայր Վիգէն Տաղլեանին Սուրբ Պսակը՝ մաղթելով զոյգին ուրախ եւ բախտաւոր օրեր:
Լուրը համադրաբար՝ Arevelk.am-ի
Պսակ՝ ՀՄԸՄ-ի վայելչութեամբ @arevelk1 pic.twitter.com/odFXy5c8DD
— arevelk.am (@arevelk1) August 3, 2023