Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին մտադիր է քննարկել, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած ամերիկացիներ Փոլ Ուիլանի եւ Պրիթնի Կրայնըրի ճակատագիրը եւ անոնց հնարաւոր փոխանակումը ռուս Վիքթըր Պութի հետ: Այս մասին գրած է «Ինթըրֆաքսը»։
«Ես պիտի բարձրացնեմ հարց մը, որ մեզի համար առաջնահերթութիւն է ։ Այն ամերիկացիներու՝ Փոլ Ուիլանի եւ Պրիթնի Կրայնըրի ազատ արձակումն է»,- յայտարարած է Պլինքընը։
Պլինքընն ընդգծած է, որ ԱՄՆ քանի մը շաբաթ առաջ հանդէս եկած է առաջարկութեամբ, որ կը նպաստէ անոնց ազատ արձակման: Անոր խօսքով՝ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչները մշտապէս կը շփուին եւ կը քննարկեն այդ առաջարկը։
«Ես չեմ կրնար խորանալ մանրամասներու մէջ, թէ ինչ առաջարկած ենք ռուսերուն», – նշած է ան:
CNN հեռուստաալիքն իր հերթին հաղորդած է, որ ձերբակալուածներու փոխանակման համաձայնութիւն տուած է անձամբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը:
«Նախագահի աջակցութիւնը թոյլ կու տայ շրջանցել ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան առարկութիւնները, որոնք, որպէս կանոն, դէմ են որեւէ նման փոխանակման», – հաղորդած է հեռուստաալիքը: