Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը PKK զինեալներ, հարուածած են իշխող՝ «Արդարութիւն Եւ Զարգացում» կուսակցութեան (AK կուսակցութիւն) Տիարպէքիրի մասնաճիւղը: Հարաւարեւելեան նահանգէն, ուր յարձակումը տեղի ունեցած էր խումբ մը դիմակակիր զինեալներ, գործածած են պայթուցիկ, ինքնաշէն սարքեր:Ըստ տեղական աղբիւրներու դիմակակիր PKK-ի անդամներ երկու ռումբ նետած են կուսակցութեան մասնաճիւղի մուտքին առջեւ, որ կը գտնուի Շանլիուրֆա մայրուղիի վրայ, կեդրոնական Տիարպէքիրի Գայաբինար շրջանին մէջ: Ապահովական ուժերը անմիջապէս կրակ բացած են պայթուցիկներուն վրայ, օդի մէջ եւ լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն մը սկսած է քաղաքին մէջ ահաբեկիչները յայտնաբերելու:Ապահովական մեծ միջոցառումներ ձեռք առնուած են ոլորտին մէջ:Մուհամէտ Տարա Անգար, Տիարպէքիրի մէջ AK կուսակցութեան պարագլուխը, յարձակման մասին տեղեկացուած է ոստիկանութեան միջոցաւ:Թրքական կառավարութիւնը աշխուժացուցած է իր յետախուզական գործողութիւնները, հետապնդելով PKK-ի կողմէ իրականացուած վերջին յարձակումները, որ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական երկիրներու եւ Թուրքիոյ կողմէ նկատուած են, որպէս ահաբեկիչ կազմակերպութիւն: