Վուչիչը աւելի վաղ ըսած էր. «Մեր հակառակորդները կ'ըսեն, որ մենք պէտք է անդամակցինք ՆԱԹՕ-ին: Եւ իմ պատասխանն է անոնց, որ մենք պէտք չէ միանանք ՆԱԹՕ-ին, քանի որ մենք ունինք մեր սեփական բանակը, որ կը պաշտպանէ մեր հողն ու երկինքը: Մենք շուտով կը նշենք ՆԱԹՕ-ի յարձակումը մեր դէմ եւ մենք չենք վարանիր զայն անուանելու յարձրակում եւ ոչ՝ միջամտութիւն կամ քարոզարշաւ»:
Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ յայտնած է, որ իր երկիրը պիտի չանդամակցի ՆԱԹՕ-ին, «որովհետեւ չի կրնար մոռնալ 1999 թուականին նախկին Հարաւսլաւիոյ դէմ դաշինքի յարձակման հետեւանքով սպաննուած երեխաները»:
Յիշեցնենք, որ 1999 թուականի Մարտ 24-էն մինչեւ Յունիս 10 տեւած ՆԱԹՕ-ի ռմբակոծութիւնները յանգեցուցած են աւելի քան 2,5 հազար մարդու, այդ շարքին` 87 երեխաներու մահուան, եւ 100 միլիառ տոլարի նիւթական վնասներու:
«Ես կը կարծեմ, որ Սերպիան պէտք չէ միանայ ՆԱԹՕ-ին, Սերպիան ազատ եւ ռազմական առումով չէզոք երկիր է, եւ ան գիտէ ինչպէս պաշտպանել իր հողն ու օդը», ըսած է Վուչիչ:
Ան յաւելած է. «Մեր պարտքն է ներել, բայց մենք պարտաւոր ենք նաեւ չմոռնալ, չմոռնալ 11 ամսական Պոյանա Թոչիչը, որ սպաննուած էր քաղաքի մերձակայքը գտնուող Մերտարի գիւղին մէջ: Չմոռնանք փոքրիկ Միթեա Ռաքիչը, որ սպանպուեցաւ Պաթայնիցայի մէջ, չմոռնանք փոքրիկ Սանճա Միլինքովիչը, որ սպաննուեցաւ Վարվարենի մէջ, մենք չենք համարձակիր մոռնալ այդ»:
Ան շարունակեց. «Մենք շատ աւելի ուժեղ պիտի ըլլանք, քան այն ժամանակ, երբ ամբարտաւանները կը ռմբակոծէր ու կը յարձակէր մեր ու մեր երկրին վրայ:
Վուչիչը աւելի վաղ ըսած էր. «Մեր հակառակորդները կ'ըսեն, որ մենք պէտք է անդամակցինք ՆԱԹՕ-ին: Եւ իմ պատասխանն է անոնց, որ մենք պէտք չէ միանանք ՆԱԹՕ-ին, քանի որ մենք ունինք մեր սեփական բանակը, որ կը պաշտպանէ մեր հողն ու երկինքը: Մենք շուտով կը նշենք ՆԱԹՕ-ի յարձակումը մեր դէմ եւ մենք չենք վարանիր զայն անուանելու յարձրակում եւ ոչ՝ միջամտութիւն կամ քարոզարշաւ»:
«Արեւմուտքը իր գործողութիւններով կ'օգնէ ձեւաւորելու նոր աշխարհակարգ` առանց իր գերիշխանութեան», ըսաւ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Վլատիմիր Քրաշլեանինը:
Քրաշլիանին յաւելած է, որ «ՆԱԹՕ-ն գիտէ, որ չի կրնար յաղթել Ռուսաստանին, եւ որ նոր աշխարհ արդէն յառաջացած է` Ռուսաստանի եւ Չինաստանի գլխաւորութեամբ, եւ այս աշխարհը յառաջացած է սկսելով Սերպիայէն»: