image

Փութինի յատուկ ներկայացուցիչը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս

Փութինի յատուկ ներկայացուցիչը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքէն ներս

«Ռոսնանօ»-ի նախկին ղեկավար եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Անատոլի Չուպայսը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ՝ Կիէն-Պարէի (մկանային թուլութեան հիւանդութիւն) համախտանիշ ախտորոշմամբ։ Այս մասին յայտնած է հեռուստահաղորդավարուհի Քսենիա Սոպչաքը Telegram-ի իր ալիքին։

«Ես տեղափոխուած եմ եւրոպական հիւանդանոցներէն մեկը՝ Կիէն-Պարէի համախտանիշ ախտորոշմամբ։ Վիճակս միջին ծանրութեան է, կայուն»,-ըսած է Չուպայսը Սոպչաքին տուած մեկնաբանութիւններուն մէջ։

Սակայն Չուպայիսի կինը յայտնած է, որ անոր վիճակն անկայուն է:

23 Մարտին յայտնի դարձած էր, որ Չուպայսը լքած է Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցչի պաշտօնը եւ հեռացած է երկրէն: Նոյն օրը անոր նկատած էին Պոլսոյ մէջ։ ԹԱՍՍ-ի աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Չուպայսը Թուրքիայէն թռած է Եւրոպա եւ հաւանաբար կը գտնուի Իտալիոյ մէջ։