image

Փութինի կողմէ. Ինչպէս Փաշինեանին, այնպէս ալ Ալիեւին շնորհաւորանք

Փութինի  կողմէ. Ինչպէս Փաշինեանին, այնպէս ալ Ալիեւին շնորհաւորանք

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին կապակցութեամբ:

Նախագահը նաեւ յիշեցուցած է, որ անցեալ եւ նախորդ տարի կնքուած եռակողմ համաձայնագրերի հիման վրայ երկիրները կ'աշխատին միասին` ամրապնդելու կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը Անդրկովկասեան տարածաշրջանին մէջ:

Խօսելով այս տարի Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուած դաշնակցային փոխգործակցութեան վերաբերեալ հռչակագրի մասին` Ռուսաստանի ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմ յարաբերութիւնները նոր, որակապէս աւելի բարձր մակարդակի հասցնելը կը համապատասխանէ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն: