image
Հրատապ լուրեր:

Փութին շնորհաւորեց Իրանի նոր նախագահի ընտրութիւնը

Փութին շնորհաւորեց Իրանի նոր նախագահի ընտրութիւնը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին:

«Յոյսով եմ, որ նախագահի պաշտօնին Ձեր գործունէութիւնը նպաստէ կառուցողական երկկողմ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ի շահ մեր բարեկամ ժողովուրդներու, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրն աւելի պարզ դարձնելու համար»: