image

Փութին նախազգուշացուցած է Էրտողանը. Կան «Կարմիր գիծեր». Washington Examiner

Փութին  նախազգուշացուցած է Էրտողանը. Կան «Կարմիր գիծեր». Washington Examiner

«Ռուսաստանը ռազմական միջամտութեամբ կը սպառնայ, եթէ Ատրպէյճանը հրաժարի երկարատեւ հրադադարէն Հայաստանի հետ: Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախազգուշացուցած է, որ «Ռուսաստանը [Հայաստանին] պիտի տրամադրէ ամբողջ անհրաժեշտ օգնութիւնը, եթէ բախումները տեղափոխուին իր տարածք»,- գրած է Թոմ Ռոկանը Washington Examiner-ի մէջ:

«Մինչ այժմ Ռուսաստանը կրաւորական դեր կը խաղար: Վլատիմիր Փութինի կառավարութիւնը փորձած է կայուն զինադադարի հասնիլ` աշխատելով Եւրոմիութեան եւ Ուաշինկթընի հետ: Ցաւօք, այդ զինադադարներէն ոչ մէկը մէկ ժամէն աւելի տեւած է: Ռուսաստանի նոր յայտարարութիւնը նպատակ ունի փոխել այդ հաւասարումը` Թուրքիոյ վրայ յատուկ շեշտադրումով:

Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, առաջնորդուելով Հայաստանի հանդէպ հին ատելութեամբ եւ իսլամիստական ​​կայսերական ղեկավարութեան նկրտումները առաջ տանելու ցանկութեամբ, կը սատարէ Ատրպէյճանի ռազմական ջանքերուն: Ռազմական գործողութիւններու բռնկումէն ի վեր Էրտողանն ուղղակի եւ անուղղակի ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանին, այդ շարքին` հետախուզութեամբ, անօդաչու թռչող սարքերով, զէնքով եւ վարձկաններու տեղակայմամբ: Երբ հրադադարի մասին բանակցութիւններ կ'ընթանային, Էրտողանը ճնշում կը գործադրէր Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի այն շարունակէ ռազմական գործողութիւնները եւ զօրացնէ ճնշումը Հայաստանի վրայ: Այդ կանխեց իրավիճակի կայունացումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքներու աճի յանգեցուց:

Թրքական այդ յամառութիւնը զայրացուց Փութինը: Ռուսաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունի ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի հետ եւ չուզեր, որ իր հարաւային սահմանին անվերահսկելի պատերազմ մղուի: Իր դժգոհութիւնը արտայայտելով` Փութինը նախորդ շաբաթ ռուսական օդուժին հրամայեց ռմբակոծել թուրք զինեալներու դիրքերը Սուրիոյ մէջ: Տասնեակ զինեալներ զոհուեցան: Այդ ուղերձ էր. շարունակեցէք բորբոքել հակամարտութիւնը, եւ ես ձեզի կը ստիպեմ վճարել ատոր համար: Մոսկուայի վերջին նախազգուշացումը ռազմական միջամտութեան մասին ի աջակցութիւն Հայաստանին  Էրտողանին ուղղուած ազդանշան էր կարմիր գիծի մասին:

Ըստ էութեան, Փութին կ'ըսէ, որ եթէ Թուրքիան չդադրեցնէ հակամարտութեան հրահրումը, Ռուսաստանը պիտի ստիպէ Էրտողանին վար գլորուիլ: Փութինը, հաւանաբար նախորդ փորձէն ելլելով, կ'ակնկալէ, որ Էրտողանը կը նկատէ իր զայրոյթը եւ կը նահանջէ: Ինչ կը վերաբերի վճռական պահուն, ապա Թուրքիոյ ղեկավարը Ռուսաստանի ղեկավարի հետ բախումի մեջ չմտնելու ցանկութիւն ցուցադրեց: Կամ Էրտողանը կը սատարէ լուրջ հրադադարի ռեժիմին, կամ տեղային հակամարտութիւնը նոր միջազգային երանգ կը ստանայ: Հաշուի առնելով, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, յուսանք, որ այդ առաջին տարբերակն է»: