Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ԱՄՆ Արեւմտեան ափ տուած հովուապետական այցի շրջանակներուն մէջ, օրերս, Նորին Սրբութիւնը դասախօսութիւն մը տուած է Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ (UCLA), Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025-ին: Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի փրոֆէսորներ, բարձր կարգի ուսանողներ եւ Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ ու յատուկ հրաւիրեալներ:
Ազգային առաջնորդարանի եւ սոյն համալսարանի «Խոստում» հայկական հիմնարկի (Promise Armenian Institute) համագործակցութեամբ կազմակերպուած դասախօսութեան սկիզբը խօսք առաւ յիշեալ հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն դոկտ. Աննա Գարակէօզեան: Ողջոյնի խօսքէն ետք, ան լայնօրէն անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին միջազգային այլազան ամպիոններէն կատարած կենսոլոսրտի պահպանման կոչերուն եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքներուն: Ապա, հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսութեան ընդհանուր գիծերը:
Խօսք առաւ նաեւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Նորին Սրբութեան երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած բազմակողմանի ծառայութիւնը. «Վեհափառ Հայրապետը աշխարհին ծանօթ անուն է ո՛չ միայն իբրեւ եկեղեցական կարկառուն դէմք, որ իմաստուն նաւապետութեամբ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռը երեք տասնամեակէ ի վեր անսասան կը պահէ եւ իր անմնացորդ ծառայութեամբ զայն նուաճումէ նուաճում կ՚առաջնորդէ, այլեւ իբրեւ միջ-եկեղեցական էքիւմէնիք շարժումի տարիներու պատկառելի ատենապետ, աստուածաբանութեան դոկտոր, կրօնագէտ, Հայ եկեղեցւոյ վերջին տասնամեակներու կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող հայագէտ մտաւորական, որուն աշխարհահայեացքին մէջ յատկանշական կարեւորութիւն ունին ակադեմական շրջանակները, ուսանող երիտասարդութիւնը, զարգացած մտածողութիւնը եւ խորաթափանց իմացութիւնը:
«Միտքի՛ մշակ է ան, որուն մէջ մի՛շտ բորբոքուն մնաց ուսանելու, սորվելու տրամադրութիւնը, թէեւ իր գիտական պաշարով եւ ծառայական նուիրուածութեամբ ան մի՛շտ եղաւ ուսուցչապետ եւ աւանդեց Դպրեվանքի մատղաշ աշակերտութեան, պատգամեց ազգային, համայնքային, պետական ու աշխարհի մեծանուն բեմերէն, վիճարկեց՝ ի նպաստ հայ ազգին, Հայրենիքին ու մշակոյթի յառաջխաղացման եւ հայ դատի արդար լուծման՝ իր խորաթափանց հայեացքը միշտ մխրճուած պահելով ժամանակի պատմաքաղաքական տեսադաշտէն ներս, առ ի յարատեւումն հայ ինքնութեան եւ առաւել փառաւորումն հայ եկեղեցւոյ»:
Սրբազան հօր խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ամփոփ կենսագրութիւնը։
Անգլերէն լեզուով տրուած դասախօսութեան սկիզբը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Երկիր մոլորակը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում: Այս գծով կենսոլորտային տուեալները յստակ են եւ գիտնականներ այս ուղղութեամբ յաճախակի կերպով կը յիշեցնեն պետական պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս մարդկութեան, թէ անհրաժեշտ է կարելի փութով գործնական միջոցներու դիմել՝ առաջքը առնելու համար տակաւ խորացող կենսոլորտային տագնապին:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտեց, թէ «Global Warming» (երկարագունդի միջին ջերմաստիճանի բարձրացում) կամ «Climate Change» (կլիմայի փոփոխութիւն) բնորոշումները չեն համապատասխաներ իրականութեան, անոնք միայն տագնապի արտայայտութիւններու մաս կը կազմեն: Կենսոլորտային տագնապը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր է ու բազմակողմանի: : Դժբախտաբար մենք առաւելաբար կը զբաղինք տագնապին արտայայտութիւններով քան՝ արդիւնքին տուն տուող պատճառներով, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը: Շարունակելով իր դասախօսութիւնը՝ Հայրապետը ըսաւ, թէ իր մօտեցումը աստուածաբանական-բարոյագիտական է՝ հիմնուած միաստուածեան երեք կրօններու սկզբունքային մօտեցումներուն վրայ: Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի, թէ Աստուած նախ տիեզերքը ստեղծեց եւ ապա՝ մարդը. մարդուն Աստուածային պատկերով օժտելով՝ պարտականութիւն մը տուաւ հսկելու, պաշտպանելու եւ ծաղկեցնելու երկիրը, միշտ ըլլալով համարատու տիեզերքի Ստեղծիչին: Սա կը նշանակէ, թէ մարդը տիեզերքին սեփականատէրը չէ, այլ կոչուած է անոր պահակն ու պաշտպանը ըլլալու՝ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած: Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ադամէն սկսեալ մարդը եղաւ անհաւատարիմ՝ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պարտականութեան նկատմամբ: Փոխանակ տիեզերքը օգտագործելու Աստուծոյ թագաւորութեան մեծ ծրագիրին համար, զայն շահագործեց իր անձնական, մարդակեդրոն ու մարդանպատակ ծրագիրներու համար: Ահա խորքը կենսոլորտային տագնապին: Տնտեսութեան ու ճարտարագիտութեան զարգացումով մարդու կողմէ տիեզերքի շահագործումը դարձաւ լայնածաւալ եւ, հետեւաբար, անոր հետեւանքները աւելի ծանրացուցին տագնապը, նշեց Հայրապետը:
Այս ընդհանուր վերլուծումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը հարցում մը ուղղեց՝ «ի՞նչ կարելի է ընել առաջքը առնելու տագնապի վատթարացման»: Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ չորս բնագաւառներուն մէջ տեսաւ գործնական քայլերու կարելիութիւնները՝
ա) Նուազեցնել արտադրողական քանակը՝ շեշտը դնելով որակին: Արտադրողական քանակի յաւելումը կ՚ենթադրէ այնպիսի նիւթերու գործածութիւն, որոնք վնասաբեր են տիեզերքի առողջ պահպանման:
բ) Նուազեցնել սպառողական կեանքը: Ներկայ ընկերութեան փոքր մասը սպառողական բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի, յարաբերաբար մեծամասնութեան, որ աղքատութեան մակարդակի վրայ է: Այս անհաւասարակշիռ կացութիւնը բարոյական տագնապէ անդին նաեւ կենսոլորտային լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ:
գ) Հաւասարակշռել բնակչութեան աճը: Բնակչութեան անհաւասարակշիռ աճը կրնայ մեծապէս վնասել կենսոլորտի պահպանման: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է հաւասարակշռութիւն մը յառաջացնել երկրագունդին բնակչութեան եւ երկրագունդին հայթայթած ջուրի եւ ուտելիքի քանակին միջեւ:
դ) Նուազեցնել Երկիր մոլորակին արտադրած ուժանիւթի օգտագործումը: Անհրաժեշտ է օգտագործել այնպիսի ուժանիւթեր, որոնց վերանորոգումը կարելի է՝ հեռու մնալով անվերանորոգելի ուժանիւթերու օգտագործումէն, ինչպէս նաեւ չափազանցուած ու աւելորդ սպառումէն:
Յիշեալ մարզերուն մասին խօսելով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ այս բոլորին ետին կը գտնուի մարդը, անոր հաշուետու ու պատասխանատու մօտեցումը: Դժբախտաբար պետութիւններ, մեկնելով իրենց տնտեսական ու քաղաքական շահերէն, կը շարունակեն շահագործել մարդկութեան միակ տունը նկատուող Երկիր մոլորակը՝ անտեսելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային համագումարներու ճշդած ուղեցոյցները: Մինչ այդ Երկիր մոլորակին ինքնաքանդումը կը շարունակուի: Երկիրին փրկութիւնը թերեւս առաւել առաջնահերթ է քան՝ մարդուն փրկութիւնը, որովհետեւ Երկիրը մարդուն միակ բնակարանն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Դասախօսութենէն ետք, ներկաներուն առիթ ընծայուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու Վեհափառ Հայրապետին:
Դասախօսութենէն առաջ ու ետք, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, հայկական բաժանմունքի պատասխանատուները կազմակերպեցին ընդունելութիւն, որուն ընթացին Էրիք Իսրայէլեան ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը եւ թրուատիքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան ունեցած հարուստ փորձառութեան ու միջազգային յարաբերութիւններուն մասին։


