image
Հրատապ լուրեր:

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց. Թեման՝ Ղարաբաղն է

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց. Թեման՝ Ղարաբաղն է

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսային բանակցութիւններ վարած է Ֆրանսայի առաջնորդ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը հաղորդուի Քրեմլի կայքէն:

Բանակցութիւններու ընթացքին քաղաքական գործիչները քննարկած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճնի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջիկայ հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման հարցը:

Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու բանակցութիւնները տեղի ունեցած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործողութիւններու համակարգման շրջածիրէն ներս: