Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ապպաս Արաքճի եւ Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց ունեցած են:
Նախարարները քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ զարգացումները, մասնաւորապէս՝ երեք եւրոպական երկիրներու գործողութիւնները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2231 բանաձեւի ժամկէտի լրանալուն զուգընթաց։