image

Յաղթանակի օրուան առթիւ Փութինէն շնորհաւորանք՝ Փաշինեանին

Յաղթանակի օրուան առթիւ Փութինէն շնորհաւորանք՝ Փաշինեանին

Հայրենական մեծ պատերազմին Յաղթանակի 80-ամեակի կապակցութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի, Ուզպեքստանի, Ապխազիոյ, Հարաւային Օսիայի, Իսրայէլի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Մոլտովայի ժողովուրդներուն։ Այս մասին յայտնած են Քրեմլի մամուլի ծառայութենէն։

«Մեր սրբազան պարտականութիւնն է զգուշօրէն պահպանել յաղթող սերունդի ժառանգութիւնը։ Հետեւաբար, շատ կարեւոր է անզիջում կերպով ճնշել մեր ընդհանուր պատմութիւնը խեղաթիւրելու, նացիստներու եւ անոնց յանցակիցներու կողմէ կատարուած վայրագութիւնները սրբագրելու կամ մոռացութեան մատնելու որեւէ փորձ», – նշած է Ռուսիոյ նախագահը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ պիտի մասնակցի Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին նուիրուած միջոցառումներուն։