image

Փեզեշքիան ատրպէյճանական ծագմամբ թուրք է. Էրտողան խօսած է Իրանի նորընտիր նախագահի մասին

Փեզեշքիան ատրպէյճանական ծագմամբ թուրք է. Էրտողան խօսած է Իրանի նորընտիր նախագահի մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Իրանի հետ յարաբերութիւններու դրական եւ աշխուժ զարգացում կ՚ակնկալէ այդ երկրի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններէն եւ բարեփոխիչներու թեկնածու Մասուտ Փեզեշքիանի յաղթանակէն ետք։ Այս մասին ան ըսած է լրագրողներուն՝ Գերմանիայէն վերադառնալու ճանապարհին։

«Մասուտ Փեզեշքիան իրականութեան մէջ ատրպէյճանական ծագմամբ թուրք է, Թաւրիզի մէջ կը խօսի թրքերէն, բայց երբ կու գայ քրտական շրջաններ, այնտեղ կրնայ քրտերէն խօսիլ: Ան նաեւ շատ լաւ կը տիրապետէ պարսկերէնին։ Ես կը զանգեմ եւ կը շնորհաւորեմ անոր։ Յոյսով ենք, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնները ապագային կը բարելաւուին։ Աւելին, Իրանը այն երկիրն է, որու հետ Թուրքիան լաւագոյն յարաբերութիւնները ունի տարածաշրջանին մէջ։ Իրանը նաեւ կարեւոր հարեւան է, որու հետ մենք պատմամշակութային կապեր ունինք։ Կ՚ակնկալեմ, որ նոր ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները կը զարգանան դրական եւ արագ ընթացքով»,- Էրտողանի խօսքը մէջբերած է Anadolu գործակալութիւնը։

Յուլիս 5-ին Իրանի մէջ տեղի ունեցած է արտահերթ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը։ Բարեփոխական թեւի թեկնածու, առողջապահութեան նախկին նախարար Մասուտ Փեզեշքիան յաղթած է ձայներու 53,6%-ով։