image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան-Շառլ Միշէլ քննարկում Արցախի մասին

Փաշինեան-Շառլ Միշէլ քննարկում Արցախի մասին

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, այս մասին Շառլ Միշէլը տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջով:

«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկած ենք Հարաւային Կովկասի կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան յառաջ մղելու ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքի հեռանկարները: ԵՄ-ն հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցելու իրենց երկխօսութեան», գրած է ան:

Ըստ կառավարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան` զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի վարչապետին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին` Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Յիշեցնենք, որ նախորդ անգամ Շառլ Միշէլն ու Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած էին Ապրիլ 14-ին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած էին Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերու մասին: