image

Փարիզի մէջ հայկական Փառատօն

Փարիզի մէջ հայկական Փառատօն

Փարիզի Հայոց  Թեմի Ազգային  Առաջնորդարանէն վերահասու կը դառնանք, թէ Փարիզի մէջ  Հայկական Փառատօն պիտի կայացուի։

Այս առթիւ հրապարակուած է յատուկ հաղորդագրութիւն,զոր կը ներկայացնենք ստորեւ ՝

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմը  եւ Առաջնորդարանի ընկերները ուրախութեամբ կը յայտարարեն՝ 8-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի մասնակցութեամբ, Փարիզի առաջին հայկական փառատօնի կազմակերպման մասին:

 

Այս բացօթեայ փառատօնը Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Տաճարի առջեւի Jean Goujon փողոցին մէջ տեղի պիտի ունենայ: Փառատօնի ընթացքին փողոցի երթեւեկը պիտի փակուի:

Ծրագիրը կ'ընդգրկէ՝ հայկական ճաշեր, երաժշտական ծրագիր, պարի հարթակ, ֆրանսերէն եւ հայերէն գիրքերու վաճառք, յուշանուէրներ, մանուկներու համար խաղեր, բազմաթիւ նուէրներով վիճակահանութիւն, վատ եղանակի պարագային վրաններ:

 

Եթէ կը փափաքիք մասնակցիլ, կամ կ'ուզէք սեղանիկի (stand) մը համար տեղ ունենալ. կրնաք դիմել փառատօնի յանձնախումբին՝ Հեռ.՝01 43 59 67 03,  Ել-գիր՝ festival@diocesearmenien.fr

 

Եթէ Փարիզի Հայկական Փառատօնին կը փափաքիք զօրավիգ ըլլալ, կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը ղրկել, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմին (Diocèse de France de l'église apostolique arménienne):

 

Ձեր օրագիրներուն մէջ մի մոռնաք նշելու, այս ուրախ եւ անակնկալներով լեցուն օրուան թուականը եւ ժամը: