image

Փարիզի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին

Փարիզի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին

Կենսաթոշակային բարեփոխումներու դէմ Փարիզի ցոյցի մասնակիցներու թիւը գերազանցած է 2,5 հազարը։

Այս մասին յայտնած է BFM հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով ոստիկանութեան աղբիւրին։

Ցոյցը տեղի կ'ունենայ Քոնքորտ հրապարակին մէջ: Ցուցարարները խարոյկ վառած են հրապարակի կեդրոնին մէջ։ Ցոյցի տարածք բերուած են ոստիկանութեան ուժեղացուած ջոկատներ։

Հանրահաւաքի որոշ կռուազան մասնակիցներ սադրած են ոստիկանները, քարեր ու շիշեր նետած անոնց վրայ։