2019ը կը զուգադիպի Փարիզեան շրջանի դպրոցասէր վարժարանի հիմնադրութեան 140ամեակին: Անիկա հիմնուած է 1879ին Պոլսոյ մէջ, հայ մտաւորական կիներու նախաձեռնութեամբ եւ հանրութեան նիւթական օժանդակութեամբ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայաբնակ վայրերու վարժարաններուն համար ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով: Անիկա փակուած է 1896ին եւ վերաբացուած՝ 1908ին: Ցեղասպանութենէն ետք Դպրոցասէրը վերածուած է որբանոցի: Շրջան մը Յունաստան հաստատուելէ ետք, 1928ին անիկա փոխադրուած է Ֆրանսա եւ վերջապէս՝ փարիզեան շրջանի Ռենսի արուարձանը, Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարան անունով:
Այս առիթով կազմակերպուեցան յոբելենական հանդիսութիւններ: Այդ շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Մարտի երեկոյեան, Փարիզի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ, ուր ներկայացուեցան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած մանկավարժական դասագիրքերը՝ Նորա Պարութճեան՝ Հայոց պատմութիւն, 6րդ եւ 7րդ դասարաններու համար, Անահիտ Սարգիսեան՝ հայերէնը եւ խաղը, Մեսրոպ Ադամեան՝ քերականութիւն, որ յատկացուած է միջին եւ բարձրագոյն դասարաններուն եւ Հայկ Սարգիսեան՝ աշակերտական երգարան, որ կը պարփակէ 1992էն մինչեւ այսօր աշակերտներուն սորված 142 երգերը: Ծայրէ-ծայր լեցուն սրահին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէին երիտասարդները՝ Դպրոցասէրի հին ու նոր սաները, ինչ որ խանդավառող երեւոյթ մըն էր:
Ներկայ էին Յուսիկ քհնյ. Սարգսեան, բարեսիրական, մշակութային, կրթական հաստատութիւններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ տէր հօր Տէրունական աղօթքով: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի երկար տարիներու բազմավաստակ տնօրէն Հայկ Սարգիսեան: Ան, անդրադառնալով Դպրոցասէրի պատմական փշոտ ուղիին եւ առաքելութեան՝ նշեց, թէ հակառակ բազմատեսակ խոչընդոտներու, վարժարանը շնորհիւ զինք խնամող գուրգուրոտ ձեռքերուն՝ կանգուն մնացած է եւ եկեր հասեր է մեզի: «Անոր սեմէն անցեր են բազմահարիւր որբուհիներ, սան-սանուհիներ, որոնք ստացեր են ազգային ինքնագիտակցութեան հոգեկան սնունդ եւ հայեցի դաստիարակութիւն», ըսաւ ան։
Այնուհետեւ ներկայացուեցան դասագիրքերը՝ հեղինակ ուսուցիչներուն կողմէ:
Հուսկ տեղի ունեցաւ դասագիրքերու գինեձօնը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Դպրոցասէրի Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած կոկիկ հիւրասիրութեամբ:
Կը մնայ ըսել՝ կրթական մշակներուն վարձքը կատար:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»