Ընթացիկ՝ 2016-2017 կրթական տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հանդիսացած է մէկը լիբանանեան այն 8 դպրոցներէն, որոնք ընտրուեցան Hands-on STEM գիտա-կրթական կազմակերպութեան կողմէ իբրեւ գործընկեր: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Կազմակերպութիւնը կը միտի զարգացնել լիբանանցի աշակերտներուն գիտելիքները՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ: Ծրագիրը Լիբանանի մէջ կը գործադրուի յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Անոր նպատակն է լիբանանեան դպրոցներուն մէջ յառաջացնել STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) ակումբներ եւ այդպիսով նպաստել աշակերտներու զարգացումին:
Hands-on STEM-ի նախապատրաստական դասընթացքներուն մասնակցած են Մեսրոպեանի երկրորդական բաժնի չորս աշակերտներ՝ Եւա Ղազարեան, Յովսէփ Գըլընճեան, Դալար Ապաճեան եւ Ժաք Տարաքճեան: Անոնք ներկայ եղան վարժողական չորս դասընթացքներու, որոնցմէ ետք ձեռնարկեցին Մեսրոպեանի մէջ STEM ակումբի կազմաւորման:Ներկայիս ակումբը կը համախմբէ 25 աշակերտներ, որոնք կը կատարեն ինքնազարգացման աշխատանքներ՝ էլեքթրոնիքսի, բջիջային գործարկիչներու (mobile apps) եւ վերականգնողական արհեստագիտութեանց (Green Technologies) վերաբերեալ:
Մեսրոպեանի խումբը այս մարզերուն մէջ պիտի լրացնէ գիտական ծրագիրներ, որոնք պիտի ներկայացուին Hands-on STEM-ի տեղական եւ միջազգային մրցումներուն: