image

Պէյրութի մէջ. տօներուն առթիւ. 40 Կարիքաւոր պատանիներ նուրէրներ ստացան

Պէյրութի մէջ. տօներուն առթիւ. 40 Կարիքաւոր պատանիներ նուրէրներ ստացան

 Դժուարին ապրող Լիբանանի մէջ նման նախաձեռնութիւններ միշտ ալ յոյսի վառ շող մը կը բերեն ամէնօրեայ պայքար տանող մեր հայրենակիցներուն։

 Բոլորին վարձքը ՝ կատար։

 Պէյրութի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ լրագրող՝ Փաթիլ Մկրտիչեանին օրերս նուէրներ բաժնած են  կարիքաւոր ընտանիքներու մաս կազմող 40 պատանի-պարմանուհիներու։

Նախաձեռնութիւնը անցած է շատ յաջող եւ երիտասրդները կարողացած են ժպիտ մը բերել ծանր պայմաններու ներքոյ ապրող մեր պատանիներուն։

 Նշենք, որ Փաթիլ Մկրտիչեանի կողքին սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են՝ Անժելինա Սարգիսեան , Յարութ Եագուպեան , Նարեկ Շառոյեան եւ Մարիա Գիզիրեան։

  Նուէրաբաշխումին մեծ մասը կատարուած է Արագած շրջանի ՀՅԴ ակումբէն ներս, որուն համար ալ նախձեռնողները շնորհակալութիւն յայտնած են շրջանի «Դրօ» կոմիտէի պատասխանատուներուն, եւ անշուշտ նուիրատու բարերարուն, առանց որոնց ճիգին անկարելի պիտի ըլլար իրականութիւն դարձնել սոյն նախաձեռնութիւնը։

Դժուարին ապրող Լիբանանի մէջ նման նախաձեռնութիւններ միշտ ալ յոյսի վառ շող մը կը բերեն ամէնօրեայ պայքար տանող մեր հայրենակիցներուն։

 Բոլորին վարձքը ՝ կատար։

 

 Լուրը համադրաբար՝  Arevelk.am-ի