image

Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք «յաղթանակի փառատօն»ը ջնջուած. Պատճա՞ռը

Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք   «յաղթանակի փառատօն»ը  ջնջուած. Պատճա՞ռը

Պէյրութի «Նահատակաց հրապարակ»ին վրայ  վաղը երեկոյեան տեղի ունենալիք «յաղթանակի փառատօն»ը ջնջուած է: Այս մասին լուրը տրուած է լիբանանեան  ԶԼՄ-ներու կողմէ, որոնք նաեւ յայտնած են, թէ փառատօնի ջնջուելուն հիմնական պատճառներէն է այն, որ երկրի երեք գլխաւոր ղեկավարները այդքան ալ խանդավառ չեն եղած նման միջոցառման մը մասնակցելու գաղափարով:

Կարգ մը աղբիւրներ նոյն խնդրին մասին խօսելով նկատել տուած են, որ կազմակերպիչ մարմինները մտահոգութիւն յայտնած են, որ ներկաներու թիւը կրնայ նօսր ըլլալ, պարզ այն պատճառով, որ երկրի քաղաքական կուսակցութիւնները  կոչ  չեն  ըրած իրենց  համակիրներուն մասնկացելու նման հանդիսութեան մը:

 

Նշենք, որ վաղը երեկոյ նախատեսուած հանդիսութիւնը պիտի կայացուէր ի պատիւ լիբանանեան բանակին, որ տաս օր առաջ երկրի սահմանյին հատուածներէն վերջնականապէս վտարեց եւ յաղթանակ տարաւ «Տահէշ»  ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: