image

Աւստրալիոյ մէջ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է Քեսապցիներու «Փրփուր փառատօն»ը

Աւստրալիոյ մէջ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է Քեսապցիներու «Փրփուր փառատօն»ը

Օրերս Աւստրալիոյ «Նիւ Սաութ Ուէյլզ» քաղաքին մէջ մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցած է «Փրփուրի փառատօն»ը։

Կը նշուի, որ Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած այս փառատօնին գլխաւոր մղիչ ուժ կը համարուին Աւստրալիոյ մէջ ապրող քեսապցի մեր հայրենակիցները։

 Ստորեւ կը տեղադրենք նախքան ձեռնարկին տեղի ունենալը հրապարակուած կարճ լրատւութիւնը. 

Փրփուր Փառատօնը աւանդական եւ հայաբոյր ձեռնարկ մըն է որ կը կազմակերպուի Աւստրալաբնակ Քեսապցիներու կողմէ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հովանիին ներքոյ: Նպատակն է տէր կանգնիլ հայկական աւանդութեան եւ հասոյթ ապահովել Քեսապի մէջ դժուար պայմաններու մէջ գործող եւ տակաւին ղեկավար սերունդ հասցնող Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին ինչպէս նաեւ Գօլստըն Ճեմարանին

Կը քաջալերենք հայկական բոլոր միութեանց անդամները եւ Սիտնիաբնակ Հայ համայնքը մասնակցելու ազգագրական կարեւորութիւն ներկայացնող Փրփուր Փառատօնին:

Թուական - 7 Ապրիլ 2024 կէսօրուան ժամը 12-էն սկսեալ

Վայր - Համազգային Գօլստըն Ճեմարան: