image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Զօհրապ Դանիէլեանը, մեզմէ շատերուն սիրելի ՝ Ընկ. Զոնթիկը

 Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն  կնքած է  Զօհրապ Դանիէլեանը, մեզմէ  շատերուն  սիրելի ՝ Ընկ. Զոնթիկը

Պէյրութի իր պաշտած   շրջանին ՝ «Արագած»ի մէջ  իր աչքերը  յաւիտենութեան փակած է    մեզմէ  շատերուն սիրելի, աւագ ընկեր, ընկ. Զօհրապ Դանիէլեանը՝ ընկ. Զոնթիկը։

 Հանգուցեալի  վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի  այսօր՝ չորեքշաբթի Սիս շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի    Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։

Ընկ. Զոնթիկի  մահուան տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն հետ  կը կիսէ   իր յիշատակին  գրուած    սեղմ  տողերը, որպէս սիրոյ եւ յարգանքի  արտայայտութիւն։

 

 

Մեր հաւաքական   կեանքին մէջ կը  հասնին կերպարներ,  որոնք  ոչ փառքի,  ոչ պաշտօնի, ոչ ալ անուն  թողնելու համար  կ՚ապրին։  

 Չենք   ալ գիտցած, թէ ինչ պայմաններու տակ   հասած են անոնք, ինչ դժուարին  օրերէ  անցած, բայց մնացած են կայուն  իրենց գաղափարին համար  եւ   իրենց հաւատքին։

 Այդ անուններէն  էր   Զօհրապ Դանիէլեանը, մեզմէ շատ-շատերուն համար   «Զոնթիկ» անունով  յայտնի ընկերը, որ ընկերն էր միաժամանակ մեծին ու փոքրին, ահելին ու ճահելին,    հինին ու նորին  եւ որ պատրաստ էր օգնութեան ձեռք մեկնել    բոլոր  իրեն դիմողներուն։

 Մեծ կարողութիւններու տէր   անձ մը չէր «Զոնթիկ»ը, այլ  պարզ ու խոնարհ  հերոս մը, որուն անունով երդում կ՚ընէին   Պէյրութի  «Արագած» եւ «Ազիրեան» թաղամասերու   ընկերներէն ու բարեկամներէն շատ շատերը։

  Իր համար    ՀՅԴ ակումբին կողքին միշտ ալ ուղենշային եղած էր  մեր եկեղեցին։  Սկսած  Նոր Սիսի  Սուրբ Սարգիս  եկեղեցիէն, որ  պատմութիւն կերտած  հաւատքի ամրոց  է,  հասնելով մինչեւ  Նոր Մարաշի  Սրբոց  Քառասնից Մանկանց, քաղաքի     Սուրբ  Նշան եւ հասնելով մինչեւ  Անթիլիասի   Մայրավանք, Պիքֆայայի  Տաճար եւ  Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցի։

 

 Հարկ է անպայման նշել, որ Լիբանանը արիւնագամ ըրած  քաղաքացիական   պատերազմի ամենատարբեր  փուլերուն ընկ. Զոնթիկ միշտ ալ եղած է  պարտականութեան  վրայ,  կատարելով իրմէ պահանջուածը եւ խտիր չդնելով  տրուած աշխատանքներուն  միջեւ, ճիշդ եւ նման   «Խոնարհ հերոս»ներուն։

 

  «Խոնարհ հերոսներ»ը այդպէս կը հասնին, անոնց համար միշտ ալ պանծալի են այն  նուիրեալները, որոնք    մասնակից դարձած են  Լիբանանհայութեան հոգեւոր  շէնքի կերտման ու պահպանման։

     Գիտէք Լիբանանի հայութեան  պարագային  կայ հաւաքականութիւն մը, որ  առօրեայ խնդիրներէն վեր, ու ամէնօրեայ տագնապներէն   անդին կ՚ապրի   «հայկական օրակարգ»ով ու ընկ. Զոնթիկը,   այն անհատներէն էր, որուն համար  չկար տիւ ու գիշեր,  չկար  յոգնութիւն, չկար    տատամսում։ 

 Հոն էր, ուր կար  հաւաք, ուր  կար գործ, ուր կար լսելու առիթ եւ ուր կար գաղափարի  նշխար։

 Ներկայ էր բոլոր ճակատներուն  վրայ, ձեռնարկ, ոգեկոչում,  հանդիսութիւն,   այդ բոլորին մէջ կար նաեւ ինք, որպէս  հեզ ու խոնարհ   նուիրեալ մը, որուն անունը միշտ ալ պիտի յիշուի, զինք սիրող  ու յարգող  ընկերներուն, հարեւաններուն եւ «Արագած» թաղի   անդամներուն   կողմէ։

 

 Ուշագրաւը ընկ. Զոնթիկի մօտ նաեւ այն էր, որ   իր    մէկ հատիկ սենեակը  դարձուցած էր «ուխտավայր»ի ուր կը տողանցէին  ՀՅԴ-ի  նուիրեալներուն ու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ   Վեհափառ հայրապետներուն լուսանկարները։ 

 Այդկերպ, այդ վարակիչ օրինակով ալ  ան  պիտի յիշուի, որպէս  աւագ ընկեր, որպէս եղբայր, որպէս գաղափարի  մարտիկ եւ որպէս   հայրենասէր  հայորդի։

 

 

  Յարգանք իր  յիշատակին եւ հանգիստ  իր յոգնատանջ ոսկորներուն։

 

 

 Յ.Գ. Լուսանկարը՝  Ս. Գասապեանի  դիմատետրեան  էջէն,  ուր ընկ. Զոնթիկ զմայլանքով կը նայի  քաղաքացիական պատերազմի դրուագներէն առնուած    լուսանկարներուն  ու նաեւ  հանգիստ ժպիտով մը կ՚ըսէ՝ «Այո՛,  ես ալ պարտքս տուած եմ»։